Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 23-Ամեակին Առիթով. Արցախեան Ազատամարտին Նուիրուած «Թեւանիկ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին առիթով, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի 2 սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիթի մոլ»-ի մէջ ցուցադրուեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը:

Հայաստանի քայլերգով ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սագօ Գասապեան, որ նշեց, թէ ինչպէ՛ս արցախեան պատերազմին շատ երազներ կորսուեցան, բայց ամէն գնով կարելի եղաւ ազատութիւնը կերտել: «Ներկայիս մղուող պատերազմները քարոզչական բնոյթ ունին, հետեւաբար Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է քարոզարշաւին», նկատել տուաւ ան, ապա բացուած նկատեց քարոզչամարտի զօրակոչը, որուն բոլորը պէտք է նիւթապէս ու բարոյապէս աջակցին:

Արցախեան պատերազմի տարիները ներկայացնող ժապաւէնը 80 վայրկեան տեւողութեամբ երեք մասով կը պատմէր երեք պատանիներու կեանքը: Ամէն մէկ դերասան կը մարմնաւորէր մարդկային անկախ ճակատագիր մը: Ներկաները ոչ միայն դիտեցին, այլ նաեւ ապրեցան ու զգացին արցախեան պատերազմի սարսափն ու արհաւիրքը:

0902_tevanig

Ցուցադրութեան աւարտին հանդիսատեսի երկար ծափահարութիւններէն ետք խօսք առաւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան: Պատերազմը տեսած ու ապրած բեմադրիչի երազանքը եղած է տեսածն ու ապրածը պատկերել ու ամբողջ աշխարհին ներկայացնել: Ան արցախեան պատերազմէն առնուած տարբեր ժամանակներն ու տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցած դէպքերը յաջողած է մէկտեղել ու ներկայացնել աշխարհին «Թեւանիկ» ժապաւէնով: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իր աշխատակազմին, Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան:

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան գնահատեց բեմադրիչը եւ անոր մեծ գործը, որ անձնական փորձառութեան եւ բարձր արուեստի արտացոլումն է: Արցախի բարբառը երբեք արգելք չեղաւ երկխօսութիւնները հասկնալու, նշեց առաջնորդ սրբազանը, այլ պատկերները իրենք կը խօսէին ու կը պատմէին բոլորին հասկնալի լեզուով, ճակատագիրներու եւ կորսուած երազներու լեզուով: Ան յայտնեց նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով ներկայացուած այս ժապաւէնը իր պատգամը տուաւ լիբանանահայութեան, որ իր արիւնը խառնած է նաեւ Արցախի հողին` տալով նահատակներ, որոնց յիշատակը յարգեցինք նաեւ մեր մասնակցութեամբ այսօր:

Լիբանանի մէջ «Թեւանիկ»-ի ցուցադրութեան առիթով յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:

Պէտք է նշել, որ ցուցադրութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին եւ իր աշխատակազմին, որպէսզի յառաջիկային կարելի ըլլայ բեմադրել ու նկարահանել «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը:

Աւարտին վաճառուեցան «Թեւանիկ» ժապաւէնի խտասալիկները:

«Ազդակ»

Scroll Up