Անիի Աւերակներուն Տակ Փապուղիներու Հսկայական Ցանց մը Բացայատուած է

Պատմական Հայաստանի Կարս նահանգի տարածքին գտնուող հնագոյն Անի քաղաքի տակ ստորգետնեայ ջուրերու մակարդակի իջեցման արդիւնքով փապուղիներու հսկայական ցանցեր բացայայտուած են:
Կարսի Կովկասեան համալսարանի կազմակերպած «Անի-Կարս միջազգային սիմպոզիումի» ընթացքին հետազօտող Սէզայի Եազիճին յայտարարած է, որ յայտնաբերած են գաղտնի ջրանցքեր, ճգնաւորներու խուցեր, մտավարժանքի սենեակներ, հսկայական միջանցքներ, փապուղիներու հսկայական ճիւղաւորումներ եւ այլն: Այս մասին կը յայտնէ Hurriyet Daily News-ը։
Անի քաղաքի աւերակներուն տակ արդէն յայտնաբերուած են 823 ստորգետնեայ կառոյց, որոնց ընդհանուր երկարութիւնը մօտ 500 մեթր է: