Արդարադատութեան Նախարարութեան Փաստաթուղթերը կը Բացայայտեն Թուրքիոյ Համար Քարոզչութիւն Ծաւալող Ընկերութիւններու Գործունէութիւնը

Անցեալ շաբաթ այս սիւնակով նկարագրած էինք Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տիք Կեփհարթ լոպիական  « Կեփհարթ կրուփ» ընկերութեան կնքած 1.4 միլիոն տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրին պայմանները՝ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ շահերը յառաջ մղելու նպատակով:

Գիտակցելով, որ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները լրջօրէն վտանգուած են, Թուրքիոյ կառավարութիւնը միլիոնաւոր տոլարներ կը լեցնէ ամերիկեան ընկերութիւններու գանձարանները՝ յուսալով բարելաւել իր վարկանիշը՝ քօղարկելով իր բռնատիրական վարչակարգի սեւ բիծերը:

Այդ նպատակով Անգարան 2014-ի Մայիս 12-ին պայմանագիր կնքած է Թուրքիոյ լողի ազգային առաջնութեան նախկին ախոյեան Հումա Կրուազի եւ Շիքակոյի մէջ գտնուող անոր «Ալփայթաք» հանրային կապերու ընկերութեան հետ, տարեկան 1.42 միլիոն տոլարով: Որքան ալ տարօրինակ է, սակայն ամսական վճարման փոխարէն, թրքական կառավարութիւնը պայմանագիրը ստորագրելէն անմիջապէս ետք մէկ միլիոն տոլար տուած է «Ալփայթաք» ընկերութեան, իսկ մնացեալ 420 հազար տոլարը վճարած է առաջին երեք ամիսներուն: Այսպիսով, «Ալփայթաք»-ը փոխարինած է «Ֆլիշման-Հիլըրտ» ընկերութիւնը, որ Թուրքիոյ դեսպանատունէն ստացած էր 779,805 տոլար մէկ կիսամեակի համար՝ 2013-ի Նոյեմբեր 1-էն մինչեւ 2014-ի Ապրիլ 30, որուն աւարտին անոր պայմանագիրը դադարեցուած էր:

Բացի ատկէ, Անգարան կ’օգտուի Միացեալ Նահանգներու թրքական համադաշնակցութեան գործունէութենէն, որ 2000 թուականէն սկսեալ աւելի քան մէկ միլիոն տոլար ծախսած է դէպի Թուրքիա 170 քոնկրեսականներու ճամբորդութիւնները հովանաւորելու համար: Միացեալ Նահանգներու թրքական համադաշնակցութիւնը ստեղծուած է 2007 թուականին Մասաչուսէթսի միքրօ-ճիփեր արտադրող միլիոնատէր Եալչին Այասլիի կողմէն, որ, ըստ «Ալ-Մոնիթոր»-ի տուեալներու, վերջին 18 ամիսներու ընթացքին մօտ 140 հազար տոլար նուիրաբերած է քանի մը թրքամէտ քոնկրեսականներու:

Շատեր տեղեակ չեն, որ, ըստ «Օտարերկրեայ գործակալներու գրանցման մասին» օրէնքին, արտասահմանեան յաճախորդներ ներկայացնող ամերիկեան ընկերութիւնները պարտաւոր են կիսամեայ հաշուետուութիւն ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւն իրենց  ամօնօրեայ գործունէութիւններու մասին:

«Ալփայթաք»-ը դեռ չէ աւարտած իր առաջին կիսամեակը, հետեւաբար հաշուետուութիւն չէ ներկայացուցած: Սակայն, կ’ուզենք հատուածներ ներկայացնել «Կեփըրտ կրուփ»  ընկերութեան եւ անոր չորս գործընկերներու՝  Կրինպըրկ Թրորիկի, Լիտիա Պորլենտի, Պրայըն Ֆոռնինի եւ Տիքսթայն Շափիրոյի փաստաթուղթերէն, որոնք յանձնած են Արդարադատութեան նախարարութիւն՝ 2013-ի Օգոստոս 1-էն մինչեւ 2014-ի Յունուար 31, եւ որոնք կը վերաբերին յօգուտ Թուրքիոյ իրենց կատարած յատուկ գործուէութիւններուն։

– 19 Սեպտեմբեր 2013-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ Ճեմիլ Չիչեքի նամակը փոխանցուած է փոխնախագահ Ճօ Պայտնին եւ ծերակուտական Փաթրիք Լիհիին:

– Ելեկտրոնային նամակներ ուղարկուած են Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Քասթրոյին, Քոհենին, Քոնոլիին, Տաչին, Էսթիին, Ֆոքսին, Ֆրենքըլին, Կեփհարթին, Քենետիին, Շնայտըրին, Ուեկնըրին, Ուիթֆիլտին եւ ծերակուտական Մըրֆիին՝ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այցելութեան վերաբերեալ. կապեր հաստատուած են նաեւ քանի մը քոնկրեսականներու հետ՝ Սուրիոյ, Իրանի պատժամիջոցներու, Համասի եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան հարցերու քննարկման համար:

– Տիք Կեփհարթ հաղորդած է նախընտրական ներդրումներու մասին 2013-ի Սեպտեմբեր 24-էն մինչեւ 2013-ի Դեկտեմբեր 12-ը երկարող ժամանակաշրջանին՝ ներկայացուցիչներ Էլսի Հեսթինկսին (1000 տոլար), Պարպարա Լիին (1000 տոլար), Մարճորի Մարկոլիսին (1000 տոլար), Ռիչըրտ Նիլին (1250 տոլար), Պրետ Շնայտըրին (500 տոլար), Տեպի Ուեսըրմըն-Շուլցին (1500 տոլար), Մարք Վիզիին (1000 տոլար), Հենրի Ուեքսմընին (1000 տոլար), եւ ծերակուտականներ Տիք Տուրպինին (2500 տոլար), Մերի Լենտրիւին (1000 տոլար), Քլեր ՄեքՔասկիլին (1000 տոլար), Մարք Փրիյորին (1500 տոլար) եւ Ռոն Ուայտընին (2500 տոլար):

– «Կեփհարթ կրուփ»  ընկերութեան աշխատակիցները նուիրած են ծերակուտականներ Տիք Տուրպինին (500 տոլար), Ճին Շահինին (1500 տոլար), եւ ներկայացուցիչներ Սթիւ Քոհենին (500 տոլար), Քոլին Հանապուզային (1250 տոլար), Ճիմ Մորընին (500 տոլար), Պրետ Շնայտըրին (500 տոլար) եւ քոնկրեսական Հենրի Ուեքսմընին (500 տոլար):

 – «Կեփհարթ կրուփ»ի գործընկեր «Տիքսթէյն Շափիրօ» ընկերութեան աշխատակիցները կապ հաստատած են քոնկրեսական Կրեկըրի Միքսի, օրէնսդիր տնօրէն Պեն Պրանչի հետ՝ «Թուրքիոյ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ օրէնսդրութեան հարցերով»: Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Տենիս Հասթըրթը, Տիքսթէյն Շափիրոյի անունով հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամիք Թանի եւ ծերակուտական Ռոն Ճոնսընի հետ՝ «Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու առնչութեամբ»:

– «Տիքսթէյն Շափիրօ»ի այլ աշխատակիցներ կապ հաստատած են հետեւեալ ներկայացուցիչներու գրասենեակներու հետ՝ Ճորճ Հոլտինկ, Էտի Պեռնիս Ճոնսըն, Շէյլա Ճեքսըն Լի, Իլիանա Ռոս-Լեհթինըն, Կրեկըրի Միքս, Շելի Փինկրի, Ռոպըրթ Փիթընճըր, Տանա Ռոհրապաչըր, Էտ Ռոյս, Էտ Ուիթֆիլտ, եւ ծերակուտականներ Ճոն Պուզմըն, Ռոն Ճոնսըն, Ռենտ Փոլ եւ Ռոճըր Ուիքըր, որպէսզի քննարկեն թրքական տարածաշրջանային խնդիրները՝ Կիպրոսի, Թուրքիա ուղեւորուելու եւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցեր:

– «Տիքսթէյն Շափիրօ»ի աշխատակիցները 2013-ի Յուլիս 20-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 19 նուիրաբերած են աւելի քան 60 հազար տոլար հետեւեալ քոնկրեսական թեկնածուներու քաղաքական քարոզարշաւներուն համար.  ծերակուտականներ Լամար Ալեքսանտր (2500 տոլար), Քէյ Հեկըն (9000 տոլար), Ամմի Քլոպուչըր (2000 տոլար), Միտչ ՄեքՔոնըլ (2500 տոլար), Մարք Փրիյոր (2500 տոլար), Թիմ Սքոթ (1000 տոլար), եւ ներկայացուցիչներ Սանֆորտ Պիշոփ (2500 տոլար), Էմանուէլ Քլիվըր (1500 տոլար), Ռիք Քրոֆորտ (2500 տոլար), Սթիւ Տէյնս (2500 տոլար), Ճոն Տինկըլ (1000 տոլար), Պիլ Հիւզենկա (2500 տոլար), Էտի Պերնիս Ճոնսըն (1000 տոլար), Էտըմ Քայնզինկըր (2500 տոլար), Մայք ՄեքԻնթիր (5000 տոլար), Պաք ՄեքՔէոն (1500 տոլար), Տաչ Ռուփըրսպըրկըր (2500 տոլար) եւ Էտ Ուիթֆիլտ (2500 տոլար):

Քանի որ, ըստ օրէնքի, Թուրքիոյ կողմէն վարձու ընկերութիւնները պարտաւոր են մանրամասն զեկուցելու իրենց գործունէութեան մասին, շատ կարեւոր է պարբերաբար ստուգել Արդարադատութեան նախարարութեան անոնց ներկայացուցած փաստաթուղթերը, պարզելու համար, թէ անոնք որո՞ւ հետ կապ կը հաստատեն Քոնկրեսի մէջ, ի՞նչ նպատակով եւ ինչքա՞ն կը նուիրաբերեն անոնց քաղաքական քարոզարշաւներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up