Ամերիկահայ 13 Տարեկան Շախմատիստ Սամուէլ Սեւեանը Հասած է Բացառիկ Յաջողութեան
Ամերիկահայ 13 տարեկան շախմատիստ Սամուէլ Սեւեանը հասաւ բացառիկ յաջողութեան:
Ռոքուիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած օփընին Սամուէլը երրորդ անգամ լրացուց
գրոսմայստերի նորմը եւ դարձաւ ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ առաջին շախմատիստը, որ շախմատային բարձրագոյն բնագիծը կը յաղթահարէ դեռ 14 տարին չբոլորած: Յիշեցնենք, որ յայտնի Ռոբերտ Ֆիշերը գրոսմայստեր դարձած է 15 տարեկան հասակին:
Այժմ միայն անհրաժեշտ է, որ Սեւեանը իր վարկանիշը հասցնէ 2500-ի, որպէսզի ՖԻԴԵ-ն հաստատէ հայ շախմատիստի կոչումը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ armchess.am կայքը: