Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 21-Ամեակի Ոգեկոչում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/08/0824_mher.jpg)
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, կիրակի, 24 օգոստոսին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն: Ձեռնարկէն առաջ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի:
Պետրոս Իզմիրլեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան
Մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Պետրոս Իզմիրլեան: Ան ըսաւ. «21 տարիներ առաջ, հայրենական Արցախի ազատագրուած տարածքի սահմաններուն հսկողութեան պահուն, Մարտունիի մէջ ականի պայթիւնով վերջ գտաւ կեանքը «Րաֆֆի» մասնաճիւղի գործօն եւ պատասխանատու ընկերներէն` Ջուլհաճեան Մհերի, որ հասած էր հայրենիք իր ամբողջ էութեամբ նուիրուելով տասնամեակներէ ի վեր բռնաբարուած հայրենիքին` Արցախի դատին»:
Ան աւելցուց. «Հայրենիքի հողը իր ակօսներուն մէջ ցանուած մհերներու նման հերոսներ կը ծնի այսօր, որոնք կանգնած են սահմանին, Մհերին ու անոր ընկերներուն տեղ»: Իզմիրլեան խօսքը աւարտեց յայտնելով, որ «երանի ամէն հայ, ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանի, գիտնայ, թէ ինչ կը նշանակէ հայ ըլլալ, եւ գիտնայ, որ պէտք է բոլորս անխտիր պատրաստ ըլլանք մեր վերջին պարտքը տալու մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքի վերականգնումին»:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ իր խօսքին սկիզբը ըսաւ. «Մեր նահատակները մեզմէ խունկ ու մոմ չեն խնդրեր: Մենք, շնչող էակներս է, որ մոմերու պէտք ունինք, որպէսզի լուսաւորենք մեր ճամբան ու հոգիները: Հերոսներուն ուղին յաւիտեան լուսաւոր է ու պայծառ: Մեր նահատակները մեզմէ գովաբանութեան ու մեծարանքի չեն սպասեր: Եթէ փառքն ու պատիւը պաշտող ըլլային, ապա սրբազան զոհաբերութեան սեղանին չէին նուիրեր իրենց կեանքը: Տակաւի՛ն, մեր նահատակները մեզմէ մեծ ձեռնարկներ ու հանդիսութիւններ չեն ակնկալեր, կարիքը չունին: Մեր նահատակները մեզմէ հոգեհանգստեան արարողութիւններ չեն պահանջեր: Անոնց հոգիները կը հանգչին, երբ կը տեսնեն ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանը: Այս բոլորը մենք մեզի համար կը կատարենք, որպէսզի վերանորոգենք մեր պայքարի ոգին»:
Խօսելով նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի մասին` Տեմիրճեան հաստատեց. «Հերոսները կը ծնին, երբ առկայ է համապատասխան ազգային շունչ ու ոգի` ընտանեկան մթնոլորտ ու միջավայր: Մհերը անոնցմէ մէկն էր, որ կազմաւորուեցաւ դաշնակցական շրջանակի մէջ. ան անդամակցած էր ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան, ապա` ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին ու Զաւարեան ուսանողական միութեան: Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ ստացաւ ազգային դաստիարակութիւն եւ հաւատալով Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան` կուսակցութեան ճամբով ծառայեց ազգին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին արդէն Մհերը գործի վրայ էր, կը հասնէր բոլոր կարիքաւորներուն ու կը պաշտպանէր հայկական թաղամասերը: Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն ան մտովի հոն էր, լեռներու լանջերուն էր ու հողին կանչին կը սպասէր: 1992-ին Հայաստան կը հաստատուի եւ կ՛անդամակցի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան, եւ արդէն Արցախի հողին վրայ է, իր հերոսներուն կողքին, պատերազմի դաշտին վրայ է… »:
Մատնանշելէ ետք լիբանանահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւնները` Տեմիրճեան խօսքը ուղղելով նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հոգւոյն ըսաւ. «Վստահ եղի՛ր, որ դաշնակցական ընկերներդ ու երիտասարդութիւնը, որոնց դպրոցին մաս կազմած էիր, տակաւին իրենց առաքելութեան մէջ են: Վստահ եղի՛ր, որ այս բոլոր երեւոյթներուն դիմաց ԼԵՄ-ականները լուռ չեն մնար: Վստահ եղի՛ր, որ այս դպրոցը ինչպէս երէկ վաղն ալ կրնայ տալ բազմաթիւ սերունդներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան շարունակելու սրբազան գործը: Մենք դժուարութիւններու դէմ յանդիման իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ կանգ առնելու»:
Խօսքը աւարտելով բանախօսը ըսաւ. «Դուն քու պարտականութիւնդ վեհանձնութեամբ եւ խիզախութեամբ ամբողջացուցիր: Կը մնայ, որ մենք` քու գաղափարակից ընկերներդ, միեւնոյն ոգիով եւ հաւատքով շարունակենք գործը…»:
Օրուան պատգամէն ետք Սեւակ Արոյեան ասմունքեց Արցախի ազատագրական պայքարի նահատակներուն նուիրուած ոտանաւոր մը եւ ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:
«Ազդակ»