Գասպար Ամիրխանեան. «Փերիան Պարսկահայերու Հայաստանը Եղած Է…»
Օգոստոս 22-24 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Թեհրանի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի, Թեհրանի Փերիոյ կրթասիրաց միութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ իրականացուեցան Իրանի Փերիոյ գաւառի հայութեան օրեր:
Ձեռնարկներու նպատակներուն, Փերիա գաւառի մասին է «Հայերն այսօրի» հարցազրոյցը Թեհրանի Փերիոյ կրթացիրաց միութեան վարչութեան նախագահ Գասպար Ամիրխանեանի հետ.
– Փերիոյ կրթացիրաց միութիւնը ստեղծուած է 1928 թուականին` Նոր Ջուղայի մէջ` Փերիա գաւառի կրթական գործին օգնելու համար: Հիմնադիրը Յովակիմ քահանայ Բարսեղեանն է:
Նպատակը գիւղերու մէջ դպրոցներ կառուցելը եղած է, գիւղական դպրոցներ ուսուցիչներ ուղարկելը: Միութիւնը 1938 թուականին բաւականին դպրոցներ կառուցած է Փերիա գաւառի տարբեր գիւղերու մէջ:
Ժամանակին Փերիոյ մէջ 30 հայկական գիւղ եղած է: Աստիճանաբար հայկական գիւղերու թիւը նուազած է եւ դարձած` 23: 1946 թուականին 8 գիւղերու բնակիչներ ներգաղթած են Հայաստան: Երբ կասեցուած է ներգաղթը, ոմանք մնացած են գիւղին մէջ, մէկ մասն ալ տեղափոխուած է Նոր Ջուղա, Թեհրան եւ այլ քաղաքներ:
60-70-ական թուականներուն շարունակուած է ներգաղթը, որուն հետեւանքով գիւղերը աստիճանաբար հայաթափուած են, պարպուած:
Այսօր միայն Փերիոյ Պոլորան գիւղի մէջ հայեր կ’ապրին` շուրջ 20-25 ընտանիք: Միւս գիւղերու մէջ մարդիկ իրենց պապենական տուները պահած են որպէս ամառանոց:
Այսօր փերիահայերը ցրուած են աշխարհով մէկ: Հայաստանի մէջ եւս` Գիւմրի, Հրազդան, Արարատ, Արտաշատ, Աշտարակ քաղաքներուն մէջ, բաւականին մեծ թիւով փերիահայեր կ’ապրին:
Բարձրաստիճան հոգեւորականներ ունինք, որոնք ծագումով Փերիայէն են, քաղաքական գործիչներ, բայց, ցաւօք, Փերիան եւ փերիահայերը ծանօթ չեն Հայաստանի մէջ:
«Իրանի Փերիոյ գաւառի հայութեան օրեր Հայաստանի մէջ» ձեռնարկին նպատակն է, որ աստիճանաբար, պատմական իրողութիւնները հրատարակելով` կարենանք համայն հայութեան ճանաչելի դարձնել Փերիան ու փերիահայերը:
– Պարո՛ն Ամիրխանեան, ինչո՞վ կ’առանձնանայ Փերիան, փերիահայ համայնքը Իրանի միւս հայկական համայնքներէն: Ին՞չ առանձնայատկութիւններ ունի:
– Ընդհանրապէս, իրանահայութիւնը ինքնին արժէք է: Հազարաւոր տարիներ Սալմաստի, Խոյի, Փայտակարանի, Թաւրիզի մէջ հայերը ապրած են` պահպանելով իրենց ինքնուրոյնութիւնը:
Շահապասեան բռնագաղթէն ետք հայերը աւելի քան 400 տարի կ’ապրին Իրանի մէջ, բայց չեն ձուլուած, կրցած են պահպանել իրենց կրօնը, աւանդոյթները: Սա ինքնին արժէք է: Սփիւռքի մէջ շատ քիչ են նման համայնքները: Այսօր ունինք ֆրանսախօս հայ, ռուսախօս, անգլիախօս, թրքախօս հայ, բայց պարսկախօս հայ պատմութեան մէջ երբեւէ չէ եղած: Սա է հիմնական արժէքը:
Իսկ Փերիան յայտնի է աւանդապաշտ ըլլալով, պատահական չեն ըսած, որ Փերիան պարսկահայերու Հայաստանը եղած է: Սա, իմ կարծիքով, ամենալաւ բնորոշումն է Փերիա գաւառի:
Փերիոյ մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդները շատ եղած են: Հետաքրքիր փաստ մը կ’ուզեմ նշել. փերիահայ գիւղացին վարուցանքի ժամանակ «Հորովելի» փոխարէն «Սուրբ Էջմիածին» կ’երգէր: Սա կը նշանակէ, որ մարդիկ հոգիով, սրտով հայրենիքի հետ եղած են, հայեացքները միշտ յառած են դէպի Հայաստան ու ամուր կառչած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Եւ առաջին իսկ առիթին, որ 350 տարի ետք անոնք ունեցան, ներգաղթեցին հայրենիք:
– Այսօր Փերիոյ մէջ պատմական ի՞նչ ժառանգութիւններ ունինք:
– Մենք հայկական բոլոր գիւղերուն մէջ եկեղեցի ունեցած ենք: Բարեբախտաբար, հիմա նաեւ պետական մակարդակով, հաշուառուած են մեր եկեղեցիները, որոշ եկեղեցիներ` որպէս պատմական արժէք, կը նորոգուին, պահպանուին պետութեան կողմէ: Բարեբախտաբար, տեղի ոչ հայ բնակչութիւնը հայերու մասին շատ լաւ յուշեր ունի, եւ մեր սրբավայրերուն` որպէս սրբութիւն կը վերաբերին: Այս տեսակէտէն մենք բախտաւոր եղած ենք, որ ապրած ենք նման հիւրընկալ ժողովուրդի հետ:
Այսօր մի քանի գիւղերու մէջ դեռ կանգուն են մեր եկեղեցիները, տարուան որոշ առիթներով` Վարդավառ, Խաղողօրհնէք, արարողութիւն տեղի կ’ունենայ, մարդիկ կ’այցելեն եկեղեցի:
Փերիոյ մէջ հիմա շատ քիչ հայեր կ’ապրին, բայց այն մասունքները, որոնք մնացած են, սրբութեան նման մեր ժողովուրդը կը փայփայէ ու կը պահպանէ:
Մասունքներ կան, որոնք փոխադրուած են Հայաստան: Օրինակ` 1069 թուականի ձեռագիր, մագաղաթեայ «Ղարղունի» Աւետարանը կը գտնուի Մատենադարանին մէջ, Շուր Իշխանի Աւետարանը նոյնպէս կը պահուի Մատենադարանը: Ժամանակին Շուր Իշխան գիւղը ուխտատեղի եղած է: Թէ´ հայերը, եւ թէ´ պարսիկները կը հաւատային Աւետարանի զօրութեանը եւ կու գային ուխտի, մատաղ կ’ընէին, նուէրներ կ’ընծայէին: Ինչպէս ըսի, Աւետարանը այսօր Մատենադարանն է: Տարին մէկ անգամ դուրս կը բերուի, կը տարուի Մուղնիի եկեղեցի, ուր յատուկ արարողութիւն կ’ըլլայ, որուն մեծ թիւով փերիահայեր կը մասնակցին:
Փերիոյ մէջ առ այսօր սրբավայր կը համարուի Լուսահանգիստ մատուռը: Ժամանակին հայերու հանդէպ ճնշումներ եղած են, ցանկացած են կրօնափոխ ընել, Գրիգոր անունով մէկը, որ կը դիմադրէ ու կը զոհուի: Անոր գերեզմանին վրայ կը կառուցուի փոքրիկ մատուռ մը, որ եւ սրբավայր կը դառնայ: Հիմա ալ շատ հայեր կ’այցելեն մատուռ, իսկ պարսիկները սրբութեան նման կը պահպանեն այդ վայրը:
– Պարո´ն Ամիրխանեան, ըսիք, որ միութեան ստեղծման նպատակը դպրոցներ հիմնելն է, կրթական ծրագիրներ իրականացնելը: Այսօր ո՞րն է միութեան դերը:
– Ինչպէս Սփիւռքի շատ միութիւններ, մենք եւս հիմնականին մէջ զբաղուած ենք մշակութային աշխատանքներով: Բայց նաեւ ունինք կարեւոր առաքելութիւն մը: Մենք` որպէս փերիահայերու 15-րդ սերունդ, վերջինն ենք, որոնք գիւղին մէջ ծնած ենք: Եթէ մենք ձեռնամուխ չըլլանք մեր աւանդոյթներու պահպանման, գիտականօրէն չուսումնասիրենք ու չհրատարակենք, այդ ամէնը կը կորչի: «Իրանի Փերիոյ գաւառի հայութեան օրեր Հայաստանի մէջ» ձեռնարկը կազմակերպած ենք, որպէսզի իբր միջոց ծառայէ` մեր այս նպատակին հասնելու համար: Յոյսով ենք, որ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ պիտի կարենանք հրատարակութիւններ իրականացնել, ցուցահանդէսներ կազմակերպել, որպէսզի կարենանք ճանաչելի դարձնել փերիահայերն ու Փերիա գաւառը:
– Պարո´ն Ամիրխանեան, Դուք հանդիպած էք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: Եւ հանդիպման ընթացքին քննարկում եղած է նաեւ յետագայ ընելիքներու շուրջ:
– «Իրանի Փերիոյ գաւառի հայութեան օրեր Հայաստանի մէջ» ձեռնարկները այսուհետ երկու տարին մէկ պիտի կազմակրպուին: Յաջորդը` 2016 թուականին, պիտի ըլլայ այլ բովանդակութեամբ, համագումարի ձեւով: Փերիոյ տարբեր խնդիրներու շուրջ պիտի ըլլան զեկուցումներ, քննարկումներ, որոնք եւ պիտի հրատարակուին:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ քննարկեցինք նաեւ պատմագիր Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք» գիրքի հրատարակման հարցերը: Գիրքը գրուած է 1780-ական թուականներուն եւ, դժբախտաբար, ձեռագիր վիճակի մէջ կը մնայ առ այսօր: Գիրքը երկար ժամանակ կորսուած կը համարուէր: Ջուղայի պատմութեան հեղինակ Յովնանեանցը պատահաբար Ջուղայի արխիւներուն մէջ կը գտնէ այն, որ եւ իր մէջ Ջուղայի պատմութիւնը գրելու մղում կ’առաջացնէ: Վերջինս իր «Նոր Ջուղայի պատմութիւնը» գրելու ընթացքին բաւականին օգտուած է Ստեփանոս Երէցի գիրքէն:
Ձեռագիրի մէկ օրինակը այսօր կը գտնուի Նոր Ջուղայի վանքի ձեռագիրներու բաժինին մէջ, իսկ միւս օրինակը` Մատենադարանը:
Իսկ վերջաւորութեան կ’ուզեմ յոյս յայտնել, որ հայաստանեան լրագրողները, մամուլը կարենան լայն ձեւով մեկնաբանել այս օրերը, կ’օգնեն բացայայտելու Փերիան եւ փերիահայերը, որովհետեւ մեծ թիւով փորիահայեր կ’ապրին Հայաստանի մէջ, որոնք կրնան լաւապէս ներկայացնել իրենց պապենական գաւառը, պատմութիւնը, մշակոյթը:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան