ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Աւստրիոյ Հայ Համայնքի Ղեկավարը
Օգոստոս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Աւստրիոյ հայ համայնքի ղեկավար Ռուբինա Ղազարեանը:
Քննարկուեցան հայապահպանութեան, համայնքի մէկօրեայ դպրոցին, Հայրենիք-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովի օրակարգի, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն համայնքի աշխոյժ ներգրաւման հետ կապուած հարցեր:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Ռուբինա Ղազարեանի` հայապահպանութեան, Աւստրիոյ հայ համայնքի զարգացմանն ուղղուած ազգանուէր գործունէութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր: