100-Ամեակի Մարմինի Աշխատանքային Նիստը` Զմմառու Վանքին Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական աշխատանքային նիստը գումարեց Զմմառու վանքին մէջ` մասնակցութեամբ պատրիարքական փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Օրակարգը կը վերաբերէր միօրեայ խորհրդաժողով-համագումարի, որ կը նախատեսուի կազմակերպել յառաջիկայ աշնան: Խորհրդաժողովին պիտի ներկայացուին զեկուցումներ, Ցեղասպանութեան վերաբերող` Զմմառի արխիւատան մէջ գտնուող փաստաթուղթերուն, Վատիկանի արխիւներուն եւ լիբանանեան մշակութային ու հոգեւոր տարբեր կեդրոններու մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներուն մասին: Իբրեւ զեկուցաբերներ նկատի առնուած են Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Իտալիայէն գիտաշխատողներ:
Համագումարի բաժինը առաւելաբար կը վերաբերի 100-ամեակին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն: Կը ծրագրուի հրաւիրել նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները:
«Ազդակ»