ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամը Կ’ընտրուի Համաշխարհային Սկաուտական Կոմիտէի Անդամ

11-14 օգոստոսին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային սկաուտական կոմիտէի Ընդհանուր ժողովը եւ կոմիտէի նոր կազմի ընտրութիւնը:

Ժողովին կը մասնակցէին չորս ՀՄԸՄ-ականներ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Օշին Փիրումեան, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնէն Վաչէ Նաճարեան, Արժանթինի պատուիրակութենէն Սեդա Սեֆերեան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան ընտրուեցաւ Համաշխարհային սկաուտական նորընտիր կոմիտէի անդամ:

«Ազդակ»

Scroll Up