«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն
«Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած ամառնային դպրոցի եզրափակիչ հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:
«Խաղաղութիւն» բնաբանը կրող հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման ներկայացումով քանի մը աշակերտներ փոխանցեցին հանդիսութեան պատգամը, որ կոչ կ՛ուղղէր դադրեցնելու պատերազմը եւ տարածել խաղաղութիւնը, միաժամանակ յիշելով մանուկներու համաշխարհային իրաւունքներէն` ապահով եւ ուրախ միջավայրի մէջ ապրելու մասին: Հանդիսութեան բացման խօսքը ուղղեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան, որ նշեց հաստատութեան կատարած ծառայութիւնները հասարակութեան եւ ի մասնաւորի հայ ազգի զաւակներուն: Ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի տագնապալի կացութեան եւ պատերազմներու պատճառով տուժած ժողովուրդի կրած թշուառութիւններուն, որոնց մասին միջազգային կազմակերպութիւնները իրենց լռութեամբ կարծես մեղսակից կը դառնան: Ան նկատել տուաւ, որ հայը իր պատմութեան ընթացքին միշտ ենթարկուած է զրկանքներու, բայց շնորհիւ իր աննկուն կամքին եւ հաւատքի ուժին` յաղթական դուրս եկած է բոլոր դժուարութիւններէն:
50 կամաւոր պատասխանատուներու ջանքերով 7 շաբաթներու ընթացքին սիրոյ եւ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ ապրեցան շուրջ 350 աշակերտներ, որոնք վկայ եղան խաղաղութեան եւ սիրոյ կանչին, նկատել տուաւ ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցած եւ գործակցած են դպրոցի յաջողութեան:
Ելոյթ ունեցաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Ան խօսեցաւ հաստատութեան այն միջավայրին մասին, որ ի գին ամէն ինչի մանուկներուն համար կ՛իրագործէ ոչ միայն դաստիարակչական եւ կրթական, այլ նաեւ առողջապահական եւ ժամանցային ծրագիրներ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վարիչ Խալետ Մահքումին, ապա բեմ հրաւիրելով զայն անոր յանձնեց հաստատութեան կողմէ յուշանուէր մը: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են հաստատութեան:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիսութեան ընթացքին աշակերտները դասարանային խմբաւորումներով ներկայացուցին պարեր` հայկական, սպանական, յունական, արաբական: Անոնք ներկայացուցին նաեւ խօսքեր եւ լոզունգներ խաղաղութեան մասին:
Բեմ բարձրացաւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեան, որ փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի շնորհաւորանքները եւ բարեմաղթութիւնները հաստատութեան տնօրէնին ու աշխատակազմին կազմակերպած հանդէսին առիթով: Կոստանեան բարձր գնահատեց ամառնային դպրոցի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը հայ աշակերտին տուած հոգատարութեան համար, ապա` պատուիրեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները վստահին հայ դպրոցին, որ կը մնայ միակ հարազատ միջավայրը, ուր հայ մանուկը պէտք է մեծնայ եւ դաստիարակուի:
Աւարտին հաստատութեան տնօրէնը բեմ բարձրացաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեանին եւ Զաւէն Թղլեանին, որոնք անձնուիրաբար, մեծ սիրով եւ անկոտրում կամքով կը ծառայեն հաստատութեան եւ հասարակութեան, ապա զանոնք բեմ հրաւիրելով պարգեւատրեց, ինչպէս նաեւ ամառնային դպրոցի բոլոր կամաւոր ուսուցիչ- ուսուցիչները բեմ կանչեց եւ անոնց յանձնեց վկայագիրներ` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տարած ազնիւ ու մարդասէր աշխատանքին համար:
Պէտք է նշել, թէ թատերասրահի մուտքին ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուած էին «Գարակէօզեան» հաստատութեան «Բարեւ» պարբերաթերթէն թիւեր:
«Ազդակ»