Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումը Հասաւ Իր Աւարտին

10 օրեր Արագածի լանջերուն` Բիւրականի մէջ բանակելէ ետք, 9 օգոստոսին Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին: Աւելի քան 750 բանակողներ 10 անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենիքի մէջ` հաղորդակից դառնալով հայրենի օդին եւ ջուրին հետ եւ իրենց կառչածութիւնն ու հարազատութիւնը ամրապնդելով հայրենիքին նկատմամբ:

Բանակումի վերջին օրը ընթացք առաւ շրջաններուն միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով: Յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք, Երեւան գտնուող ծնողներ եւ բարեկամներ այցելեցին բանակավայր, ուր ներկայ գտնուեցան փակման պաշտօնական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6:30¬ին: Բանակումին մասնակիցները տողանցքով մուտք գործեցին նորակառոյց բանակավայր: Փակման հանդիսութեան ներկայ էին Արագածոտնի փոխմարզպետ Մուշեղ Աբգարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամները:

Նախ եւ առաջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան արժեւորելէ ետք Արարատեան կարգի աշխատանքները, այդ կարգի դասընթացքին մասնակիցները հրաւիրեց ստանալու իրենց կարգերը` Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն ձեռամբ:

0810hmem1

Ապա կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում` շրջաններու պատուիրակութիւնները գլխաւորողներուն եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան բանակումի խմբապետական կազմի անդամներուն:

Կարպիս Գապասագալեան յիշատակեց Կեդրոնական վարչութեան վաստակաշատ եւ բազմամեայ անդամ Միհրան Շիմշիրեանի կորուստը, եւ իր անուան մրցանակը յանձնուեցաւ բանակումի քայլերգի հեղինակ Կարինէ Սիսեռեանին:

Ելոյթներ ունեցան Արագածոտնի մարզի փոխմարզպետը, բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Օշին Փիրումեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որոնք շեշտեցին Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներուն միջոցով հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ եկած երիտասարդներուն միջեւ կապուածութեան ամրապնդման իրողութիւնը:

Աւարտին դրօշները վար առնուեցան` «Յառաջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ, չորս տարի ետք կրկին հանդիպելու խոստումով: Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան բանակումի դրօշը փոխանցեց բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեանին, որ պաշտօնապէս յայտարարեց բանակումին փակումը:

«Ազդակ»

Scroll Up