Տեղի Պիտի Ունենայ «Արի Տուն» Ծրագիրի 7-րդ Փուլի Բացումը
Օգոստոս 11-ին, ժամը 10.30-ին տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 7-րդ փուլի բացման արարողութիւնը (հասցէ` Վ.Սարգսեան 26/1, «Էրեբունի պլազա» բ/կ, 9-րդ յարկ, «Էրեբունի» սրահ):
Մասնակիցներուն պիտի ողջունէ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Ելոյթ պիտի ունենան ծրագիրի մասնակիցները, հիւրընկալող ընտանիքներու ներկայացուցիչները: Պիտի ցուցադրուի «Արի տուն» ծրագիրի մասին պատմող տեսանիւթ:
Ծրագիրի 7-րդ փուլին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են 80 պատանի եւ աղջիկ Ռուսաստանի Դաշնութենէն, ԱՄն-էն, Հոլանտայէն, Պելճիգայէն, Գերմանիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Ուզպեկստանէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն:
Ծրագիրի մասնակիցները 9 օրուան ընթացքին կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրերուն, կ’ունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, հայրենագիտութեան դասեր կ’առնեն Հայրենիքի մէջ, կը սորվին ազգային պարեր եւ երգեր: Ծրագիրի վերջաւորութեան ճամբարային 5 օրերը մասնակիցները կ’իրականացնեն Ծաղկաձորի մէջ: