Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Դեսպաններուն

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ անջատ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, անոնց փոխանցելով վերջին օրերուն ղարաբաղեան սահմանագիծին վրայ արձանագրուած դէպքերուն վերաբերեալ իր տեսակէտները` պահանջելով, որ միջազգային ընտանիքն ու Մինսքի խմբակը յաւուր պատշաճի անդրադառնան Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումներուն, որոնք կը վտանգեն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը: Մարմինը վերջին իրադարձութեանց համար մեղադրեց միջազգային ընտանիքը, որ նախապէս արձանագրուած նմանօրինակ միջադէպերու նկատմամբ գտնուած է անտարբեր եւ հակազդելու պարագային կողմերը դրած է հաւասար նժարի վրայ: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Մինսքի խմբակէն եւ համանախագահող երկիրներէն պահանջեց վերջ տալ այս մօտեցումին:

«Ազդակ»

Scroll Up