Լոնտոնը Ներկուած Է Հայկական Գոյներով. Կայացած Է Չորրորդ Ամենամեայ Փառատօնը
Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ օգոստոս 3-ին, մեծ շուքով կայացաւ չորրորդ ամենամեայ հայկական փառատօնը: Գենսինկթըն թաղամասի Իւերնա այգիներ փողոցը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի, ուր հայկական ժողովրդական երգն ու շուրջպարը համախմբած էին հայերուն Միացեալ Թագաւորութեան բոլոր անկիւններէն: Փառատօնի պաշտօնական բացումն ազդարարեցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ` Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իրլանտիոյ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանն ու Գենսինկթընի եւ Չելսի արքայական թաղամասի ղեկավար Մեյգրիդ Քոնտոն-Սիմմոնդսը` կտրելով կարմիր ժապաւէնը:
Փառատօնին ներկայ էին նաեւ բրիտանացի խորհրդարանականներ:
Մինչեւ փառատօնի մեկնարկը մասնակիցները թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոսի առաջարկով մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին վերջին օրերուն ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին զոհուած հայ զինուորներու յիշատակը:
Այս մասին ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին Միացեալ Թագաւորութեան Հայոց առաջնորդարանէն, փառատօնը սկսաւ «Անդաստան» կոչուող եկեղեցական ծէսով` երկրի չորս կողմերու օրհնութեամբ: Այս տարի փառատօնի սպասուած հիւրն էր Հայաստանէն ժամանած ժողովրդական երգիչ Արսէն Գրիգորեանը, որն ալ աւելի ոգեւորեց բրիտանահայերուն` կատարելով հայկական սիրուած երգեր:
Հայկական փառատօնը չէր կրնար կայանալ առանց հայկական աւանդական խոհանոցի:
Մասնակիցները համտեսեցին խորոված, բազմազան ուտեստներ եւ թխուածքներ` պատրաստուած եւ՛ հանրայայտ, եւ՛ ընտանեկան իւրայատուկ բաղադրատոմսերով:
Փառատօնի ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն վայելեց հայկական տօնավաճառը,
որուն կը մասնակցէին բրիտանահայ կրթական ու մշակութային կազմակերպութիւններ, անհատ ձեռներէցներ: Այս տարուան անակնկալներէն էր այն, որ փառատօնի աւարտին ուղիղ կապ հաստատուեցաւ Պուխարեստի հայ համայնքին հետ, որ նոյն օրը կ’իրականացնէր հայկական փառատօն Ռումանիոյ մայրաքաղաքին մէջ: Երկու երկիրներու հայ համայնքները մեծ պաստառներու միջոցով ողջունեցին իրարարու եւ միաժամանակ շուրջպար բռնեցին:
Համայնքներու պալատի ներկայացուցիչ Սթիւըն Փաունտը ըսաւ, որ այս փառատօնը Լոնտոնի կեանքին կ’աւելացնէ գոյն ու բազմազանութիւն, իսկ Կենսինկթըն թաղամասի ղեկավար Մեյգրիդ Քոնտոն-Սիմմոնդսը նշեց, որ հայերը Բրիտանիոյ մէջ միշտ շատ լաւ համբաւ ունեցած են: Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ կը փորձէ սորվիլ հայերէն:
Փառատօնի գլխաւոր նախաձեռնող Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան նշեց, որ չորս տարի առաջ, երբ ծնաւ փառատօնի գաղափարը, ինքն ամենեւին վստահ չէր, թէ ինչ արդիւնք կ’ունենայ: Սակայն տարիէ տարի ապացուցուեցաւ, որ փառատօնը հէնց այն իրադարձութիւնն է, որուն բրիտանահայերն անհամբերութեամբ կը սպասեն եւ երկրի տարբեր ծայրերէն կու գան ու կը հաւաքուին Սբ Սարգիս եկեղեցւոյ շուրջ:
Հայերը հաստատուած են Միացեալ Թագաւորութեան` Մանչեսթրի մէջ, 19-րդ դարուն: 1860թ. Մանչեսթրի մէջ կառուցուած է առաջին հայկական եկեղեցին` դառնալով առաջինը Եւրոպայի եւ Արեւմտեան կիսագունդին մէջ: Լոնտոնի մէջ առաջին հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1923 թ.: Այսօր Լոնտոնի մէջ գոյութիւն ունի երկու հայկական եկեղեցի` տեղակայուած Գենսինկթըն եւ Չելսի արքայական թաղամասին մէջ: Միացեալ Թագաւորութեան մէջ կը բնակի մօտ 30.000 հայ, որոնք հիմնաւորապէս կեդրոնացած են Լոնտոնի եւ Մանչեսթրի մէջ: Հայ եկեղեցւոյ` միացեալ Թագաւորութեան եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդարանը ունի եկեղեցական ծուխեր Լոնտոնի, Մանչեսթրի, Պըրմինկեմի, Քարդիֆի, Տուպլինի եւ Օքսֆորտի մէջ: