ՀՀ ԱԺ Խմբակցութիւնները Յայտարարութիւն Տարածած Են Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Եւ Ղարաբաղա-Ատրպէյճանական Ուժերու Շփման Գիծին Առկայ Իրավիճակին Առնչութեամբ

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին վրայ առկայ իրավիճակին առնչութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները համատեղ յայտարարութիւն  տարածած են: Կը ներկայացնենք ԱԺ հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան տրամադրած յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ.

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ: Վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմը բազմիցս փորձած է ներթափանցել հայկական դիրքեր եւ դիւերսիոն գործողութիւններ իրականացնել, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ պարբերաբար կը գնդակոծուին հայկական խաղաղ բնակավայրերը:

Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը ձգտի օգտուիլ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններէն եւ նման արկածախնդիր յարձակումներով ձախողեցնել ԼՂՀ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման հնարաւորութիւնը: Ատրպէյճանի ղեկավարութեան` իրավիճակին ոչ համարժէք եւ անպատասխանատու կեցուածքը կը հակասէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եւ միջազգային հանրութեան` հակամարտութիւնը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու սկզբունքին:

Հերթական անգամ հայկական ուժերու հարկադրուած պատասխան գործողութիւններու շնորհիւ հակառակորդը ետ շպրտուած է` տալով զոհեր եւ վիրաւորներ: Մեր հայրենիքի սահմաններուն կանգնած զինուորներն ապացուցեցին, որ մշտապէս համարժէք պատասխանով Ատրպէյճանին թոյլ չեն տար ռազմական գերակշռութեան հասնիլ: Այդ սադրանքներուն ընթացքին հայ զինուորը ցոյց տուաւ իր մարտական բարձր պատրաստակամութիւնն ու անմնացորդ նուիրուածութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:

Մեր ժողովուրդին հետ կը սգանք զոհուած հերոսներու կորուստը եւ կը ցաւակցինք
իրենց հարազատներուն ու մտերիմներուն: Իրենց անունն ու սխրանքը վառ պահելը բոլորիս խնդիրն է:

Ստեղծուած իրավիճակին բացառիկ կարեւորելով հայ հանրութեան համախմբուածութիւնը Հայաստանի զինուած ուժերու շուրջ` ՀՀ Աժ խմբակցութիւնները կոչ կ’ընեն.

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն` գործնական քայլեր ձեռնարկել Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապատութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանագիծէն դիպուկահարներու ետ քաշման, միջադէպերու քննութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններու եւ գործողութիւններու բացառման ուղղութեամբ:

Միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն` հրաժարիլ ընդհանուր գնահատականներէ, կողմերու միջեւ հաւասարութիւն դնող մօտեցումէն եւ դատապարտել Ատրպէյճանի` խնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու միտուած նախայարձակ ու սադրիչ գործողութիւնները: Դադրեցնել ռազմական արկածախնդրութեան հակուած Ատրպէյճանին մեծաքանակ սպառազինութեան վաճառքը, որ կը հակասէ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու ջանքներուն:

Միաժամանակ կը յայտարարենք, որ եթէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը շարունակէ իր ապակառուցողական գործելաոճը, իրադարձութիւններու անկանխատեսելի զարգացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ միայն ինքը: Հայ ժողովուրդն ու հայ զինուորը ապացուցած եւ պիտի ապացուցեն, որ պատրաստ են ապահովելու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը:

ՀՀ ԱԺ խմբակցութիւնները միասնական են Հայոց բանակին եւ մեր զինուորներուն սատարելու հարցով:

«Հայաստանի Հանրապետական» խմբակցութիւն
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւն
«Հայ Ազգային Կոնգրէս» խմբակցութիւն
«Օրինաց Երկիր» խմբակցութիւն
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն
«Ժառանգութիւն» խմբակցութիւն»:

Scroll Up