Իրաքի Մօտ ՀՀ Նորանշանակ Դեսպանը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Օգոստոս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իրաքի հանրապետութեան մօտ ՀՀ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Գրիգորեանը: Նախարար Հ.Յակոբեան շնորհաւորեց դեսպանին նշանակման առիթով եւ մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք:
Նախարարը ներկայացուց հայապահպանութեան ուղղուած` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները, եւ քննարկուեցան այս ծրագիրներուն Իրաքի հայ համայնքի ներգրաւուածութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: