Սկիզբ առաւ «Արարատեան» կարգի գործնական հանգրուանի դասընթացքը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ 26 յուլիս 2014-ին սկիզբ առաւ «Արարատեան» կարգի գործնական հանգրուանի դասընթացքը, որ սկաուտական կարգերու գերագոյնն է եւ որուն կը մասնակցին 7 կազմակերպական շրջաններէ 26 բարձրաստիճան խմբապետներ` Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն 2, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն 8, Լիբանանէն 9, Հարաւային Ամերիկայէն 1, Հայաստանէն 3, Սուրիայէն 1 եւ Ֆրանսայէն 2:
Դասընթացքին պատասխանատուն է Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան, որուն կ՛օժանդակէ Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբի անդամներէն Թալին Հինտոյեան:
Դասընթացքին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 26 յուլիս 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Բիւրականի բանակավայրին մէջ:
Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առին Կարպիս Գապասագալեան եւ Բագրատ Եսայեան:
Կարպիս Գապասագալեան դասընթացքին մասնակցողները հրաւիրեց յանձնառու գիտակցութեամբ եւ աչալրջութեամբ գործուն մասնակցութիւն ունենալու այս յոյժ կարեւոր դասընթացքին: Ան յիշեցուց, որ «Արարատեան» կարգը յաճախակի կազմակերպուող դասընթացք մը չէ, այլ չորս տարին անգամ մը իրականացուող դասընթացք, որ արդէն երկրորդն է, որուն համար ակնկալութիւնները բոլորէն բազմապիսի են, եւ անոր յաջողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ մասնակցողներէն:
Բագրատ Եսայեան ընդգծեց, որ «Արարատեան» կարգը կարելի չէր Արարատէն հեռու վայրի մը մէջ իրագործել. արդարեւ, ան մասնակցողները հրաւիրեց իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւնը արժեւորելու մեր ազգային կեանքին մէջ գործուն դերակատարութեամբ:
Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբի անդամներէն Վաչէ Նաճարեան, Ռոմանոս Պետրոսեան, Թալին Հինտոյեան, Ալին Պաղտասարեան եւ Թալին Օրտողլեան:
Դասընթացքը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 յուլիս 2014:
Դասընթացքին տեւողութեան մասնակցողները պիտի ներկայացնեն իրենց թէզերը, զորս պատրաստեր եւ յանձներ էին տեսական հանգրուանին: Այժմ անոնք միասնաբար պիտի ուսումնասիրեն, սերտեն եւ քննարկեն միութենական, ազգային, սկաուտական, քաղաքացիական, հոգեբանական եւ կրօնական նիւթեր, որոնք աղերս ունին մերօրեայ միութենական եւ սկաուտական գործունէութեանց հետ:
«Ազդակ»