Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքի Միջեւ Հանդիպում

Հինգշաբթի, 24 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի նորակերտ վեհարանին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ  Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ասորիներու Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ:

Հանդիպման ներկայ էին Մայր տաճարի լուսարարապետ Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան եւ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Իսկ ասորի եկեղեցւոյ կողմէ, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը եւ պատրիարքին գաւազանակիրը:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած  հանդիպումին ընթացքին, երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին տեղի ունենալիք միջեկեղեցական միջազգային համագումարները, ինչպէս նաեւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ունեցած աստուածաբանական երկխօսութիւններու առնչուած կարգ մը հարցեր:

«Ազդակ»

Scroll Up