Առաջին Անգամ Հրատարակման Կը Պատրաստուի Հայ Երաժշտութեան Հանրագիտարան
Երաժշտական հանրագիտարանները, ինչպէս եւ առհասարակ հանրագիտարանները, նշանակալի ներդրում են համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ եւ կը համարուին ազգային հարստութեան անքակտելի մաս: Երաժշտական հանրագիտարաններ ունին գրեթէ բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդները` երաժշտութեան պատմութեան համաշխարհային գործընթացներուն մէջ շեշտելով նաեւ սեփական ժողովուրդի ձեռքբերումները այդ ոլորտին մէջ:
Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ մինչ օրս մեզ մօտ գոյութիւն չունի նման համապարփակ հրատարակութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը ձեռնարկած է «Հայ երաժշտութեան հանրագիտարանի» ստեղծումը եւ հրատարակումը: Այս նպատակով ՀՀ մշակոյթի նախարարի հրամանով ստեղծուած է յանձնաժողով, որու կազմին մէջ ընդգրկուած են վաստակաշատ երաժշտագէտներ, հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութեան, ՀՀ ԳԱԱ արուեստի ինստիտուտի, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի, Հայաստանի երգահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան, Հայաստանի երգչախմբային ընկերութեան ներկայացուցիչներ:
Յուլիս 26-ին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մէջ հրաւիրուած էր վերոնշեալ յանձնաժողովի առաջին նիստը. ներկայացուած է նախարարութեան յանձնարարութեամբ Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութեան կողմէ պատրաստուած նախագիծը, որու շուրջ տեղի ունեցած միտքերու փոխանակութեան եւ առաջարկութիւններու քննարկմամբ` ճշդուած է հանրագիտարանի կառուցուածքի եւ թեմատիկ բառացանկի սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ընթացիկ կազմակերպչական հարցեր: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն: