Այժմ, Երբ Դատական Գործերը Աւարտած են, Եկէ՛ք` Կառուցենք Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը

Յուլիս 15ին Միացեալ դաշնային վերաքննիչ դատարանը հաստատեց առաջին ատեանի դատարանի 2011 թուականի վճիռը`  հրահանգելով, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնադրամ»ին վերադարձուին այն շէնքերը, որոնք նախատեսուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ յուշահամալիր կառուցելու համար Ուաշինկթընի մէջ:  

Վերաքննիչ դատարանի դատաւորներ Կարլանտը, Ուիլքինսը եւ Կինսպըրկը ահա այսպէս ամփոփեցին դատական գործերու եւ հակընդդէմ հայցերու շարքը, որ վիճարկող կողմերը ներկայացուցած էին վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին։

Ամերիկայի հայկական համագումարի ղեկավարութիւնը, ինչպէս` Հրայր Յովնանեանը եւ Ճերարտ Գաֆէսճեանը, «ապահոված էին մեծ նիւթական ներդրումներ եւ ստեղծած շահոյթ չհետապնդող ընկերութիւն` «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիրը»: Անոնք նաեւ համաձայնութեան եկած էին եւ գնած`  պատմական շէնք մը թանգարանի համար, Սպիտակ տունէն ընդամէնը քանի մը թաղամաս հեռաւորութեան վրայ: Սակայն տարիները կ’անցնէին, իսկ անոնք չէին կրնար համաձայնութիւն գոյացնել բազմաթիւ հարցերու շուրջ: Յառաջխաղացումը կը դանդաղէր, լարուածութիւնը կ’աճէր:  Աննշան յաջողութիւններ ձեռք բերուեցան: Ի վերջոյ, ծրագիրի գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ բարերարներէն մէկը` հանգուցեալ Ճերարտ Գաֆէսճեանը, որոշեց հեռանալ խումբէն եւ հրաժարական տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիրի նախագահի իր պաշտօնէն: Պառակտումը հեռու էր բարեկամական ըլլալէ: Եւ այսպէս, սկսաւ իրադարձութիւններու երկար շղթայ մը, որուն գագաթնակէտը այս խճճուած դատավարութիւնն է: Քանի մը տարուան դատական վէճերէն ետք կողմերը ի վերջոյ դիմեցին շրջանային դատարան: Բացի մէկ հարցէ, բոլոր միւս պահանջները համարուեցան չապացուցուած: Դատաքննութիւններէն ետք առաջ եկան բազմաթիւ խնդիրներ, եւ Առաջին ատեանի դատարանի բազմաթիւ որոշումներէն յետոյ անոնք բողոքարկուեցան մաս-մաս, իսկ հիմա բողոքարկման մասնատուած գործերը համախմբուած եւ ներկայացուած են մեզի որոշում կայացնելու համար»:

Իրենց կայացուցած որոշման վերջին էջին մէջ վերաքննիչ դատարանի դատաւորները հիասթափութիւն եւ անհանգստութիւն արտայայտած էին անիմաստ դատավարութիւններու շարքին համար: Ցասումով լեցուած`  անոնք գրած էին.

«Այս իրաւական ոդիսականը երկարաշունչ էր: Անիկա սկսաւ իբրեւ մէկ եզակի դատավարութիւն` չվճրուած մուրհակները հաւաքելու համար, եւ արագօրէն վերածուեցան իրաւական վէճերու ճահիճի: Աւելի քան եօթը տարիներու ընթացքին իրաւաբանական ծառայութիւններու համար միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելէ ետք, կողմերու հսկայածաւալ աշխատանքը` իրենց երազած թանգարանը իրագործելու համար, կը թուի, թէ ապարդիւն էր, որ շատ ցաւալի է: Ինչ ալ որ ըլլայ հետագային, մենք յոյսով ենք, որ այսօրուան մեր որոշումը կրնայ առնուազն վերջակէտ դնել այս ձգձգուած դատական վիճաբանութեան»:

Անցեալ շաբաթ ես բազմաթիւ ելեկտրոնային նամակներ ստացած եմ ընթերցողներէն, որոնք ցաւով կը նշէին այն փաստը, որ երկու յայտնի հայկական կազմակերպութիւնները բազմամիլիոն տոլարներ վատնեցին իրարու դէմ դատական քաշքշուկներու մէջ` փոխանակ իրենց վէճը լուծէին դատարանէն դուրս եւ կառուցէին Ցեղասպանութեան թանգարանը, որ նախատեսուած էր աւարտին հասցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն շատ առաջ: Ցաւօք, թանգարանին բացումը կրնար ընդհանրապէս չկայանալ…

Շատ ցաւալի է, որ երկու կողմերն ալ մերժած էին երրորդ կողմերու բոլոր առաջարկները` միջնորդելու իրենց միջեւ: Դատական հայցերու վրայ վատնուած միլիոնաւոր տոլարները կրնային օգնել Ցեղասպանութեան թարգարանի ֆինանսաւորման: Ասիկա նոյնպէս ցաւալի օրինակ է, թէ ինչպէս հայերը կ’ոտնահարեն իրենց սեփական շահերը:

Դեռ կրնայ հրաշք տեղի ունենալ… Թէեւ պարոն Գաֆէսճեանը  մահացած է անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, սակայն ան բազմիցս յայտարարած էր, որ իր ջերմ փափաքը եղած է կառուցել Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիրը Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ: Աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը կը փափաքի, որ անոր ժառանգորդները եւ “Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնադրամ”ի հոգաբարձուները յարգեն Ճերարտ Գաֆէսճեանին նուիրուածութիւնը այս վեհ գաղափարին եւ իրականացնեն անոր անմար երազը:

Հայաստանի ղեկավարները, սփիւռքի կազմակերպութիւններու առաջնորդները եւ համայնքի անդամները պէտք է տեղեկացնեն “Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնադրամ”ի հոգաբարձուներուն, որ իրենք լիովին պատրաստ են ամէն տեսակ աջակցութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի իրականութիւն դառնայ պարոն Գաֆէսճեանին երազանքը: Թանգարանը պէտք է յաւերժական յարգանքի տուրք ըլլայ Ճերարտ Գաֆէսճեանին, որ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ նուիրաբերած է  մարդասիրական ծրագրերու համար Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Այժմ, երբ այս տհաճ դատական գործը արդէն անցեալ է, ժամանակն է ամերիկահայ համայնքին համար` “Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնադրամ”-ի հոգաբարձուներու հետ միասնաբար, համախմբուիլ եւ ստեղծել համահայկական յանձնախումբ, ներառեալ`  Հայկական համագումարը, եւ սկսիլ այս յոյժ կարեւոր կառոյցին ձեռնարկումը Ուաշինկթընի մէջ:

Ցեղասպանութեան թանգարանը միլիոնաւոր այցելուներու յաւերժ պիտի յիշեցնէ ոչ միայն սարսափելի ողբերգութեան մասին, որ պատուհասած էր հայ ժողովուրդը 1915 թուականին, այլեւ, որ աւելի կարեւոր է, անոր աննկուն ոգիի գոյատեւման եւ բագաւաճման մասին: Հետեւաբար աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ թանգարանը անուանել “Ցեղասպանութենէն հայ ժողովուրդի վերապրումի յուշահամալիր”:

Եթէ “Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնադրամ”-ի հոգաբարձուները եւ ամերիկահայ համայնքը կիսեն այս տեսլականը, ուստի հիմնարկէքի արարողութիւնը կրնայ տեղի ունենալ Հայոց յուշահամալիրի ապագայ տարածքին, 2015 թուականի Ապրիլ 24-ին…

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up