Դեսպան Ղարիբջանեանի Հանդիպումը Շարժայի Կառավարիչին
Յուլիս 16-ին ԱՄԷ-ի մօտ ՀՀ դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեան հանդիպում ունեցաւ Շարժայի էմիրութեան կառավարիչ, դոկտոր Շէյխ Սուլթան Պին Մուհամմատ Ալ Քասիմիի հետ:
Հանդիպման սկիզբը Շարժայի կառավարիչը եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին` իրեն ՀՀ պատուոյ շքանշանին արժանացնելու համար:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Շարժայի էմիրութեան միջեւ առեւտրա-տնտեսական ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացմանը առնչուող հարցերուն` Շէյխ Քասիմին վերահաստատեց ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը` Շարժայի մէջ ՀՀ առեւտրատնտեսական կեդրոն հիմնադրելու վերաբերեալ` շեշտելով առաւելագոյն օժանդակութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն: