Հայրենիքի Ճամբէքով «Արի Տուն» ծրագիրի երեխաներու այցը Սարդարապատ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին
Հայրենիքի Ճամբէքով «Արի Տուն» ծրագիրի երեխաներու այցը Սարդարապատ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Յուլիս 15-ին «Արի տուն» 2014 ծրագիրի 4-րդ փուլի մասնակիցները օրը սկսած էին հայոց լեզուի դասընթացքով: Երեխաները մեծ ուրախութեամբ կը մասնակցէին դասընթացքին եւ սիրով ու կարօտով կ’ուսումնասիրէին հայոց լեզուն, մեսրոպեան ոսկեղենիկ այբուբենը: Մեր զրոյցին ընթացքին անոնք շատ ոգեւորուած կը պատմէին իրենց տպաւորութիւններուն մասին եւ կ’ըսէին, որ կը ցանկային աւելի երկար մնալ Հայաստան` հայերէնը աւելի լաւ իւրացնելու համար:
Դասընթացքէն ետք ծրագիրի մասնակիցներն ուղեւորուեցան Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր: Այնտեղ մասնակիցներուն կը սպասէին հետաքրքիր բացայայտումներ, քանզի անոնք գրեթէ անծանօթ էին Սարդարապատի հերոսամարտի պատմութեան:
Ծրագիրի մասնակից Անի Գասպարեանը, որ Հայրենիք ժամանած էր Մոսկուայէն, նշեց, որ Հայրենիք եկած է` ծանօթանալու Հայաստանի պատմութեան եւ տեսարժան վայրերուն ու քիչ մը արեւ տանելու իր հետ:
Ռուսաստանէն ժամանած Ներսիկ Թովմասեանն ալ նշեց, որ 4-րդ անգամն է Հայաստան կու գայ, բայց <<Արի տուն>> ծրագիրին առաջին անգամ կը մասնակցի: Ան ըսաւ, որ Ռուսաստանի մէջ իրենց ընտանիքը աւանդապաշտ է եւ հնարաւորինս կը հետեւի հայակական բոլոր աւանդոյթներուն, ինքը հայկական դպրոց չի յաճախեր, սակայն տան մէջ պարտադիր կերպով բոլորը կը խօսին հայերէն: Ներսիկը երազանքով կը խօսէր Հայաստանի մէջ մշտապէս ապրելու մասին:
Սարդարապատի յուշահամալիր այցելութենէն ետք ծրագիրի մասնակիցները եղան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Պերմէն ժամանած Արթուր Անտոնեանը ըսաւ, որ ինքը հիացած է Հայաստանի ճարտարապետութեամբ եւ գունային լուծումներով: Թէեւ Արթուրին համար առաջին այցելութիւնը չէ Հայաստան, սակայն նշեց, որ ամէն անգամ Հայաստան այցելելուն նորովի կը բացայայտէ Հայրենիքը:
Տաթեւ Դաւթեան