Ֆրանսահայ Վիգէն եւ Նիւ Եորքի «Յոյսեր» Թէքէեանի յարկէն ներս

Հայկական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ Թէքէեանի կեդրոնէն ներս, երբ փարիզահայ սիրուած երգիչ Վիգէն (Դարբինեան) եւ Նիւ Եորքի «Յոյսեր» երաժշտախումբը հայկական ժողովրդական եւ տոհմիկ երգերով լեցուցին հայու սիրտերը հայրենասիրութեամբ։  Հինգ օրերու վրայ որոշուած ու կազմակերպուած այս երաժշտահանդէսին, սրահը լեցուցած էին շրջանի հայերը։

Վիգէն որ այցելաբար եկած էր Նիւ Եորք, ԹՄՄի վարչութեան խնդրանքին անսալով սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերաւ այս յայտագրին։  Իսկ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Յոյսեր» խումբը, որուն անդամները արդէն թէքէեանականներ են, միացան Վիգէնին եւ ներկայացան սքանչելի հայացունչ յայտագիրով մը։  Յարութ եւ Մարիա Պարսումեաններ անգամ մը եւս յուզեցին ունկնդիրները իրենց երգերով։

Վիգէն ճանչցուած ու տիրական երգիչ է, որ երեք տարիներ առաջ հրաւէրովը ԹՄՄի միացաւ Միութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի անդամակցութեան 20րդ տարեդարձի մեծ հանդիսութեան` հայրենի ժողովրդական երգիչներ Ռաիսա Մկրտչեանի, Ռուբէն Մաթեւոսեանի եւ յայտագրին բաժին վերցուցած այլ երգիչներու եւ սենեկային նուագախումբին կողքին։

Սրահը ներկայ գտնուող հայրենի օփերայի երգչուհի Անահիտ Զաքարեան երգեց «Անոյշ»էն բաժին մը արժանանալով բոլոր ներկաներուն հիացմունքին։

Հանդիսութեան եկամուտը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի ԹՄՄ «Մհեր Մկրտթեան» թատերախումբին, որ Ցեղասպանութեան դարադարձին  ընդառաջ, այս Սեպտեմբերին բեմ պիտի հանէ Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի´, դատարանն է» ծանօթ թատերախաղը, որ կը ներկայացնէ Սողոմոն Թեհլիրեանի Պերլինի դատաւարութիւնը բեմադրութեամբ` փարիզաբնակ յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Ժիրայր Բաբազեանի։

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Scroll Up