Ստեփանակերտը Նոր Զբօսայգի Կ’ունենայ
ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ բարերար Անդրէյ Ռապոպորտի անուան զբօսայգիի հիմնարկէքի արարողութիւնը: Անդրէյ Ռապոպորտի բարեկամութիւնը ԼՂՀ-ի հետ կայացած է հայ նշանաւոր գործարար Ռուբէն Վարդանեանի ջանքերով: Ա. Ռապոպորտը կը հանդիսանար Ռուսաստանի նախկին վաչապետ եւ գործարար Անատոլի Չուբայսի գործակիցը, Ռուսաստանի մէջ բարեփոխումներու ջատագովներէն մէկը: 2002-2009 թուականներուն ան կը գլխաւորէր ցանցային ընկերութիւնը` այս պաշտօնին մէջ փոխարինելով Ռուբէն Վարդանեանին: Ան Ռ. Վարդանեանի հետ 1990-ականներուն հիմնադրած է ,,Սկոլկովօ,, ընկերութիւնը, եղած է նշանաւոր այդ դպրոցի հիմնադիր գործընկերներէն մէկը: Արցախի հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը միայն գովելի նախաձեռնութիւն պէտք է համարել, քանզի այսօր արդէն որոշ ռուս գործարարներ կը հասկնան, որ Արցախն ունի բարգաւաճման լայն հեռանկարներ, մարդկային ահռելի ներուժ, հետեւաբար ցանկացած ներդրում եւ բարեգործութիւն հիմնովին արդարացուած է:
Նոր զբօսայգիի հիմնարկէքին մասնակցած է նաեւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, որ պահանջուած համարած է նման զբօսայգիի գաղափարը` կարեւորելով անոր գեղագիտական եւ գործնական նշանակութիւնը մայրաքաղաքի բնակիչներուն ու հիւրերուն համար: ԼՂՀ Նախագահը բարձր գնահատած է արարողութեան ներկայ բարերարի ներդրումը Արցախի զարգացման գործին մէջ` նշելով, որ այն կարեւոր է թէ տնտեսական, թէ բարոյական տեսանկիւնէն: Արարողութեան մասնակցած են ԱԺ խօսնակ Աշոտ Ղուլեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, պաշտօնատար այլ անձիք, հիւրեր արտերկրէն:
Ստեփանակերտէն մեզի տեղեկացուցին, որ բնակչութեան շրջանին մէջ մեծ է ոգեւորութիւնը, արդէն այսօրուընէ շատերը կը սպասեն այն օրուան, երբ զբօսայգին իր դռները պիտի բանայ իրենց հանգիստը իրականացնել ցանկացողներուն առջեւ: Նշենք, որ ունենալով բարենպաստ պայմաններ, կանաչ գօտիներ, այնուհանդերձ Ստեփանակերտի մէջ շատ չեն պուրակներն ու այգիները: Դեռեւս խորհրդային իշխանութեան տարիներուն Ստեփանակերտի քաղաքային զբօսայգին ու մարզադաշտը կը համարուէին տարածաշրջանի օրինակելի հանգստեան գօտիներէն մէկը, իսկ այսօր արդէն մեծցած են պահանջները, յատկապէս քաղաքի երիտասարդութիւնը կը ցանկայ ունենալ ժամանակակից, ուրոյն ճարտարապետական լուծումներով ակնառու դարձող զբօսայգի:
Նշենք, որ նոր զբօսայգին համահունչ պիտի ըլլայ ժամանակի պահանջներուն:
Լ.Մ.