Սոչիի Հայկական Համայնքի «Նայիրի» Հայկական Ժողովրդական Պարի Համոյթը «Իմ Հայաստան» Համահայկական 2-րդ Փառատօնի Մասնակից
Յունիս 30-ին ուշ երեկոյեան Ռուսաստանի Դաշնութեան «Սոչի» օդակայանին մէջ առանձնայատուկ աշխուժութիւն կը տիրէր: Գիշերուան չուերթով Երեւան մեկնեցին Սոչիի հայկական համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներ` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 2-րդ փառատօնի աշխատանքներուն: Պատուիրակութեան կազմին են Սոչիի Գրիգոր Մազլումեանի անուան տարբեր ազգերու մշակոյթներու կեդրոնի «Նայիրի» հայկական ժողովրդական պարի համոյթը` գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Վարդան Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, Ռուսաստանի հայերու միութեան Սոչիի տարածաշրջանի նախագահի խորհրդատու Լեւոն Կարապետեան, երտասարդութեան հարցերով նախագահի տեղակալ Միհրան Զէյթունեան, ՌՀՄ-ի Սոչիի տարածաշրջանի պաշտօնական կայքի ղեկավար Նայիրի Կունդակչեան, հասարակական կազմակերպութեան շարք մը այլ գործիչներ… Երեւանի մէջ Սոչիի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն պիտի միանայ պատուիրակութեան ղեկավարը` համայնքի նախագահ Հրաչ Մակեյեանը:
Պատմական հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ անքակտելի կապի պահպանումը Սոչիի հայկական համայնքի սրբազան պարտքն է: Սփիւռքի նախարարութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան, Համշախարհային հայկական կոնգրէսի կողմէ կազմակերպուող համահայկական ձեռնարկներուն առաւելագոյնս ու յաւուրպատշաճի մասնակցելու համար համայնքի ղեկավարութիւնը միջոցներ չի խնայեր: «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը չէր կրնար բացառութիւն կազմել: Կազմակերպութեան Խորհուրդի հերթական նիստի ժամանակ օրակարգի հարցերէն մէկը Մեծ Սոչիի տարածաշրջանին մէջ գործող հայկական մշակոյթի ստեղծագործական խումբերէն լաւագոյնին Հայաստան ուղարկելու խնդիրի լուծումն էր, որն անմիջապէս դրական արձագանքի արժանացաւ Խորհուրդի բոլոր անդամներուն կողմէ: Որոշուեցաւ փառատօն ուղարկել շարք մը միջազգային մշակութային փառատօններու ու հեղինակաւոր մրցոյթներու ոսկէ շքանշաններու դափնեկիր, առաջին կարգի, Գրան-Պրի տիպլոմներու, պատուոգիրներու, գաւաթներու ու բազմաթիւ շնորհակալագիրներու արժանացած «Նայիրի» հայկական ժողովրդական պարի համոյթը: Հայ պարարուեստի ջատագով խումբը իր անփոխարինելի գեղարուեստական ղեկավարի եւ պարուսոյցի` Վարդան Պօղոսեանի առաջնորդութեամբ, հիւրախաղերով ու աշխարհի լաւագոյն հայկական խումբերու հետ մրցելու նպատակով, շրջած է Եւրոպայի շարք մը երկիրներ, ՌԴ տարբեր մարզեր, շրջաններ ու քաղաքներ` ցուցաբերելով կատարողական արուեստի բացառիկ տաղանդ ու հմտութիւն, հայ բանահիւսութեան քաջ իմացութիւն, հայկական ժողովրդական պարին բնորոշ նրբութիւններ, շարժումներ ու խմբային պարերու ներդաշնակ համադրութիւն… Համոյթն արդէն 15 տարի իր բովանդակալից ու անընդհատ փոփոխուող պարացանկով գեղագիտական հաճոյք ու հիացմունք կը պարգեւէ իր հանդիսատեսին ոչ միայն Սոչիի բեմահարթակներուն վրայ, այլ նաեւ անոր սահմաններէն դուրս:
Վարդան Պօղոսեան հանդիսատեսին միշտ հաճելի անակնկալներ կը մատուցէ հետաքրքիր նորամուծութիւններու ու հեղինակային միջամտութիւններու շնորհիւ: Պարարուեստի հմուտ վարպետի «ձեռքի տակ» հայկական պարը կը վերածուի կենդանի պատմութեան` խոր իմաստով, վառ պատկերներով ու գոյներու յարաշարժ խաղերով լեցուն: Նոյն պարն ամէն անգամ կը ներկայացուի կատարողական նոր մշակումով, երկարատեւ ու անընդմէջ դասընթացքներու շնորհիւ թրծուած, կատարելագործուած ու յղկուած շարժումներու ճշգրտութեամբ ու յստակութեամբ… Պատահական չէ, որ Սոչիի մէջ կազմակերպուող բոլոր հեղինակաւոր ձեռնարկներու, հանդիսութիւններու, փառատօններու ու տարեդարձներու մշտական մասնակիցն ու նախընտրուածն է «Նայիրի» հայկական ժողովրդական պարի համոյթը: Սոչիի մէջ գործող միւս ազգերու համայնքները նոյնպէս սիրով կը հրաւիրեն «Նայիրի»-ին իրենց ազգային ձեռնարկներուն մասնակցելու համար:
Համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն ու տաղանդաշատ պարուսոյցը դեռեւս 17 տարեկան հասակին զբաղած է մանկավարժական գործունէութեամբ` Սեւանի շրջանի Լճաշէն գիւղին մէջ ստեղծելով իր առաջին պարի խումբը: Յաղթանակի հմայքը ան ճաշակած է վաղ հասակէն` Սեւանի մշակոյթի պալատին մէջ կազմակերպուած հանրապետական մրցոյթին առաջին կարգի մրցանակը նուաճելու շնորհիւ: Աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական ինստիտուտի մշակոյթի բաժանմունքի պարագրութեան բաժինը` Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, պարարուեստի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի պետական պարախումբի գլխաւոր գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Վանուշ Խանամիրեանի դասերը: Արդէն 25 տարի Վարդան Պօղոսեան կը զբաղի սիրելի մասնագիտութեամբ, որոնցմէ քսանը ան նուիրած է Սփիւռքի հայ մանուկներուն կրթելու ու հայեցի դաստիարակելու ազգանուէր գործին: Մեծ հայրենասէրն ու հայ արուեստի երկրպագուն չէր կրնար անտարբեր մնալ Սոչիի հայկական համայնքէն ներս հայկական պարի խումբ բանալու գայթակղիչ առաջարկութեան հանդէպ:
Հայրենիքէն դուրս, օտար կամարներու տակ, ստեղծելով իր անդրանիկ «Համշէն» համոյթը եւ հասնելով զգալի արդիւնքներու, այլեւս հնարաւոր չէր կանգ առնել կէս ճանապարհին: Շուտով բացուեցան նաեւ «Նաիրին» ու «Արմէնիկը»: Շնորհիւ պարուսոյցի ջանքերուն եւ մասնագիտութեանն ու սաներուն անմնացորդ նուիրուածութեան, հայազգի երեխաները ամենայն հաճոյքով ու խանդավառութեամբ կը յաճախեն պարարուեստի ու պարագրութեան դասերուն: Արդիւնքներն ակնյայտ են…
«Մենք կը մեկնինք Երեւան «Իմ Հայաստան» համահայկական 2-րդ փառատօնի գլխաւոր մրցանակը նուաճելու ակնկալիքներով», – միաձայն ըսին համոյթի սաները: «Մենք հաճելի ակնկալներ ունինք փառատօնին ներկայացնելու, որոնցմով կը գրաւենք թէ՛ հանդիսատեսի, թէ՛ ժիւրիի համակրանքը մեր անսամպլի նկատմամբ: Տրամադրուած ենք մարտականօրէն, մտադիր ենք վերադառնալու Սոչի դափնեկիրի կարգավիճակով»:
«Շատ ուժեղ խումբեր կան տարբեր երկիրներէ, սակայն «Նաիրին» չի զիջեր անոնցմէ ոչ մէկուն», – կիսեց իր մտքերը մեզի հետ նաեւ Վարդան Պօղոսեան: «Մենք խորապէս երախտապարտ ենք Սոչիի հայկական համայնքի ղեկավարութեան, առանձնապէս համայնքի նախագահ Հրաչ Մակեյեանին, որ անոնք հովանաւորեցին մեր մասնակցութիւնը նման մեծածաւալ ու Սփիւռքի հայութեան համար անչափ կարեւոր ձեռնարկին: Մեր համոյթին առջեւ կարեւոր խնդիր ծառացած է` արդարացնել Սոչիի հայկական համայնքի սպասումները եւ ցոյց տալ, որ հայկական արուեստի ու մշակոյթի իսկական ջատագովները անոր կրողներն ու տարածողներն են ամբողջ աշխարհով մէկ: Կը խոստանինք մայր հայրենիքի համահայկական բեմահարթակին վրայ բարձր պահել Սոչիի հայերու պատիւն ու բարի անունը», – եզրափակեց իր խօսքը պարուսոյցը:
Սոչիի հայութիւնը, «Նայիրիի» բազմաքանակ երկրպագուները վստահ են անոր ուժերուն եւ կը սպասեն համոյթի վերադարձին` միայն եւ միայն յաղթանակի դափնիներով պսակուած…
Անահիտ Անտոնեան
ՌԴ, Սոչի