Օ՛ն… Բանակումի Դէպի Քեսապ

2014 թուականի Մարտ քսանմէկին, գարնան առաջին առաւօտը չարաշուք թուական մը պիտի մնայ Քեսապի պատմութեան մէջ, Մայրերու տօնի եւ պարտէզներու մշակութեան ազդանշանին հետ, աղէտահար ժողովուրդը ձգելով տուն ու տեղ` այլայլած լքեց հայրենի երդիքը, ապա, բարեբաստիկ զուգադիպութեամբ, Յունիս 14ին, հայրերու տօնին ազատագրութեան դրօշը պարզուեցաւ Կասիոսի լանջերուն հայկական գիւղաւանին վերեւ: Միջանկեալ եռամսեակը դաժան օրեր էին հողի անձկութեամբ անքուն հայ գիւղացիին եւ օրհնաբեր հողին համար, որ ծարաւ էր մշակին քրտինքին ու կարօտ` անոր բազուկին խնամքին, որմէ քաղուած սրբազան խաղողը այս տարի ալ Աստուածածնայ տօնին նոյնինքն Աստուածամօր բարեխօսութեամբ պիտի հասնի ուխտաւոր եւ հայրենադարձ հայորդիներուն:

Քեսապի ազատագրութեան լուրերուն հետ, յիշողութեան արխիւս պահ մը երբ պեղեցի եւ յաջորդաբար մտաբերեցի այն հսկայ հարստութիւնը, որ իր նիւթական արժէքէն անդին` անփոխարինելի գանձ մը եւ միջոց մըն է Սփիւռքի բաբախուն սրտին նոր արիւն եւ աւիշ ներարկելու սուրբ գործին:

Գաղութիս յետեղեռնեան բարեկեցիկ ժամանակամիջոցին կը զուգադիպին, Սուրիահայերու կառուցած տուներու կողքին, Քեսապ հայաւանի հայկական բանակավայրերն ու կազդուրման կայանները, որոնք անցնող յիսնամեակի ընթացքին հաստատուեցան որպէս հայապահպանման զօրեղ բերդեր` պատմական Կիլիկիայէն աւանդ մնացած այս տարածքին վրայ:

Սուրիահայ կազմակերպութիւններ, միութիւններ եւ ազգային մարմիններ հայաշունչ եւ գեղատեսիլ այս բնակավայրը օժտեցին բանակավայրերով. անոնցմէ յիշատակելի մաս մը նուիրուած էր քեսապցի ազնիւ ու բարերար հայորդիներու կողմէ, այլ հողամասեր գնուեցան միութիւններու ջանքերով եւ տարիներու ընթացքին կառուցուեցան գեղեցիկ շէնքեր, ուրիշ տարածքներ ցանկապատուեցան եւ որպէս վրանավայրեր օժտուեցան խոհանոցներով, լուացարաններով ու յարակից կառոյցներով:

Վարի Պաղճաղազի մէջ շատոնց գոյութիւն ունէր հայ կաթողիկէ վանքին համալիրը, որ ամենահինը կը նկատուի որպէս ամառնային ջամբարի ծառայութեան կոչուած այս շինութիւններուն, նշանաւոր իր նոճիի բոլորաձեւ նստավայրով, որ ճամբու եզրին հանգստավայրն է արշաւներու ընթացքին հոն հասնող սկաուտներուն:

Քեսապի Ուսումնասիրաց ճեմարանի հանդիպակաց բարձունքին վրայ կը կանգնի ՀԲԸՄ-ի գեղակերտ կազդուրման կայանը, ամրան ամիսներէն բացի, տար-ւան ընթացիկ արձակուրդներուն հոն տեղի կ՚ունենան երիտասարդական եւ մշակութային հաւաքներ:

Աւելի վեր, դէպի Քեսապ տանող հին ճամբու եզրի համալիրը Հայ աւետարանական ՔՋԱԿ կեդրոնն է, որ նուիրուած էր համանուն համայնքի հաւատացեալներէն Հովեանին կողմէ. անիկա անցեալին հնաբոյր եւ աննշան պանդոկ մըն էր:

Քեսապի կեդրոնէն դէպի Էքիզոլուխ Գալայի շրջանին մէջ, Մարի Յովսէփեան-Ինճէճիքեանի կողմէ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին նուիրուած հողաշերտին վրայ կառուցուած կազդուրման կայանը բազմաթիւ այցելուներ կ՚ընդունի ամրան առաջին օրերէն, Հալէպի Ազգային պատսպարանի փոքրիկներէն ու եկեղեցիներու դպրաց դասերէն, հասնելով աշնան անձրեւոտ եղանակին` Հալէպահայ համալսարանական միութեան, որպէս տարեկան հաւաքավայր:

Հալէպահայ սկաուտական կազմերը ունին իրենց բանակավայրերը` տարածուած Քեսապի տարբեր գիւղերու մերձակայքը, ակամայ եւ ըստ պատեհութեան այս ցրւումը գեղեցիկ եռանկիւն մը կազմած է, որ կը սկսի Էքիզոլուխի բարձունքին Աճամ շրջանի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրով. այս մէկը բախտաւորուած է նաեւ իր տարածքին մէջ բխող աղբիւրով: Միւս անկիւնը կը հասնի մինչեւ Գալատուրանի շրջանը, Միջերկրականի կապոյտը դիտող ՀՄՄ-ի բանակավայրը:

Հեռաւոր անկիւն մը, Քեսապի մուտքին, խնձորի սառնարանին մօտ ճամբու եզրին գեղատեսիլ դաշտի մը վրայ կը տարածուի ՀԵԸ-ի բանակավայրը, որ ընդհանրապէս կը տրամադրուի նաեւ «Թէքէեան»ի եւ Հալէպի «Գերմանիկ-Վասպուրական» սկաուտական կազմերուն:

Այս բոլորին կեդրոնը, Չաքալճըխի անտառային շրջանին մէջ կայ Քեսապի նահապետ տոքթ. Աւետիս Ինճեճիքեանի կողմէ նուիրուած հողաշերտ մը, որ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղին բանակավայրն է:

Այս բանակավայրերը ամրան եղանակին յատուկ ժամանակացոյցներով կը հիւրընկալեն Գամիշլիէն մինչեւ Դամասկոս գործող հայկական սկաուտական երկսեռ վաշտերը` արի արենոյշներ, գայլիկներ, մրջնիկներ եւ սկաուտական փողերախումբեր, որոնք իրենց գործունէութեամբ յաւելեալ հայաշունչ մթնոլորտ եւ աւիշ կը ներարկեն Քեսապի մէջ ամառնային բնակութիւն հաստատած եւ տեղացի հայորդիներուն:

Երկրագունդի տարածքին ցրուած զանազան համայնքներու եւ գաղափարական կազմակերպութիւններու հովանիին տակ գործող երիտասարդական միութիւններու եւ սկաուտական շարժումներու այլազան գոյներու երանգապնակին վրայ ապրած, սուրիահայ բազմաթիւ սերունդներ վայելած են Քեսապի գիւղախումբերը կատարուած արշաւները` բանակումի օրերուն, Գալատուրանի ծովափէն Պաղճաղազի անտառները, Սիլտիրենի գագաթէն Սեւ աղբիւրի այգիները, Տիւզ Աղաճի գետակէն Սըրընըխի անհասանելի կախարդական աւազները, Էսկիւրենի, Չաքալճըխի եւ Չալմայի սօսիի հնամեայ ու սրբացած ծառերուն շուքին տակ ուսուցուած ազգային-յեղափոխական երգերն ու կանչերը մէն մի հայորդիի անմոռաց յիշատակի գանձարանին անկորնչելի գոհարներն են մինչեւ իրենց վերջին շունչը:

Մէկ ձեռքի մատները բաւարար չէին հաշուելու Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին սկաուտական փողերախումբերու առաջնորդութեամբ կատարուած տողանցքները եւ անոնց յաջորդող խարուկահանդէսները. այդ օրը համայն հայութիւնը տասնեակ հազարներով Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն, նաեւ Սփիւռքի գաղութներէն այցելուներ ժամադրուած կ՚ըլլային Քեսապ. պանդոկները եւ վարձու տուները ամիսներ առաջ գրաւուած կ՚ըլլային, մինչ իւրաքանչիւր տուն իր տարողութեան քառապատիկ անգամը հարազատներ կը հիւրընկալէր… եւ ասկէ ետք պիտի շարունակէ հիւրընկալել. այս յատկութիւնը ընտիր ադամանդի արժէքի ու փայլքի նման ի յայտ եկաւ Սուրիահայութեան վերջին տարագրութեան ընթացքին, անցնող եռամեակին:

Սա պահուն, երբ այս տողերը թուղթին կը յանձնեմ, հեռաւոր Ժընեւի մէջ կիրակնօրեայ արեւածագն է, Քեսապի ազատագրման արշալոյսին հետ ժամադրուած անքուն եւ արցունքախառն անհուն ցնծութիւնը կ՚ապրիմ, ուրախութիւնս կոպերս չի փակեր: Մինչ լրատուական կայքէջերու եւ Դիմագիրքի տեղադրումներուն հետեւելով` Մարտ 21ի տեղահանութեան արագութեամբ կ՚ընթանայ սուրիական զօրքերուն յառաջխաղացքը եւ թուրանական ցեղախումբերու պարտութիւնն ու նահանջը, յատկանշուած թալանով եւ հրկիզումով, դէպի մերձակայ թիւրքմէնական գիւղերը, այն գիւղերը, ուր կառուցած եւ պարտէզներ մշակած են դէպի Քեսապ աշխատանքի որպէս բանուոր գալու պատեհութենէն:

Տակաւին թարմ է քեսապցի նահատակ Վարդան Անտըրեանի կըտակը, որ կ՚երդնուր այսուհետեւ արգիլել թիւրքմէն մշակներու աշխատանքը Քեսապի մէջ:

Ազատագրուած այս դրախտավայրը` Քեսապը, որ պատիւն էր Սուրիահայութեան, այսօր աղէտի թոհ ու բոհէն ետք բոլոր ժամանակներէն աւելի կ՚արժեւորուի` որպէս կիլիկեան աշխարհի վերջին պատառիկը համայն հայ իրականութեան մէջ` ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի:

Քեսապի պատմութեան այս տխուր էջին հետ պէտք է թաղել նաեւ գիւղերու թրքական անունները եւ փոխարինել հայկական անուանումներով:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը առիթ մը թող ըլլայ Քեսապի տեղահանութիւններու պատմութիւնը եւ նահատակներու յիշատակը խորհրդանշող կոթողի մը զետեղումին` կեդրոնական հրապարակին վրայ:

Փա՛ռք եւ պատի՛ւ այս ազատագրումը կերտած հերոսներուն, խունկ եւ աղօթք` անմահ նահատակներու յիշատակին:

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Ժընեւ

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up