Հալէպի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսը Կը Պատմէ Այնտեղ Տիրող Իրադրութեան Մասին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/g_image-18.jpg)
Թերթ.am -ը զրուցած է Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի հետ, որ կը պատմէ քաղաքին մէջ տիրող իրադրութեան, հիւպատոսութեան աշխատանքին մասին, ինչպէս նաեւ կ’անդրադառնայ այն խնդիրներուն, որոնց կ’առնչուին սուրիահայերը:
– Պարո՛ն գլխաւոր հիւպատոս, ինչպիսի՞ն է ներկայիս իրավիճակը Հալէպ քաղաքին եւ նահանգին մէջ:
– Զինուած հակամարտութիւնը Հալէպի եւ յարակից շրջաններուն մէջ կը շարունակուի: Այս ամսուան ընթացքին արձանագրուեցաւ իրավիճակի որոշակի սրում: Ցաւօք սրտի, հայերով հոծ բնակեցուած թաղամասերը` Նոր Գիւղը, Սուլէյմանիէն, Ազիզիէն եւ այլն, եւս զերծ չմնացին ուժգին ռմբակոծութիւններէ:
Որպէս արդիւնք եղան մարդկային զոհեր եւ վիրաւորներ նաեւ մեր հայրենակիցներուն մօտ: Զգալի վնասներ կրեց յատկապէս Նոր Գիւղ թաղամասը: Վնասուած են այնտեղ գտնուող Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Զուարթնոց եկեղեցիները, հայկական դպրոցները, մանկապարտէզները, տպարանը, Սուրիահայ օգնութեան խաչի կեդրոնը, ինչպէս նաեւ մեր հայրենակիցներուն պատկանող բազմաթիւ տուներ եւ խանութներ:
Ռմբակոծութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Հին Հալէպի մէջ գտնուող համայնքի հոգեւոր կեդրոն Քառասուն Մանկանց եկեղեցին:
– Որո՞նք են քաղաքի հայութեան առջեւ ծառացած առաջնային խնդիրները այսօր:
– Ինչպէս նշեցի, ռմբակոծութիւններու հետեւանքով վնասուած են բազմաթիւ տուներ եւ խանութներ: Այս պահի դրութեամբ բազմաթիւ բնակավայրեր երբեմնի ծաղկուն եւ հայահոծ Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ անբնակելի դարձած են, որու հետեւանքով մեր շատ հայրենակիցներ լքած են իրենց տուները. ոմանք տեղափոխուած են Լաթաքիա, շատերն ալ Հալէպի այլ` աւելի ապահով թաղամասեր, ուր ունին հարազատներ եւ բարեկամներ, իսկ ոմանք ալ ուղղակի ապաստան գտած են Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ: Զգալի են նաեւ մեր հայրենակիցներուն կրած նիւթական վնասները, այս իրավիճակին շատերը զրկուած են նաեւ իրենց գոյութիւնը պաշտպանելու միջոցներէն:
Զինուած հակամարտութեան հետեւանքով վատթարացած է նաեւ քաղաքի սոցիալ-տնտեսական եւ հումանիտար իրավիճակը: Խափանումներով կը գործէ քաղաքի էլեկտրամատակարարումը, իսկ հիմնական ջրամատակարար խողովակի պայթեցման հետեւանքով աւելի քան 10 օր քաղաքին մէջ ամբողջապէս դադրած էր ջրամատակարարումը:
–Նման պայմաններու մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը ինչպէ՞ս կը կազմակերպէ իր գործունէութիւնը:
– Նախ նշեմ, որ հաշուի առնելով քաղաքի հայութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, այսօր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է հայաշատ թաղամասերուն աւելի մօտ տարածք, որպէսզի մեր հայրենակիցներուն համար աւելի դիւրին ըլլայ հիւպատոսութիւն այցելելը:
Բացի այդ, յունիս ամիսէն սկսեալ վերսկսած ենք քաղաքացիութեան դիմումներու ընդունումը, ինչ որ ժամանակաւորապէս կասեցուած էր փոստային կապի իսպառ բացակայութեան պատճառով: Եւ պէտք է նշեմ, որ արդէն մօտ երկու հարիւր մեր հայրենակիցներէն դիմած են ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու խնդրանքով: Գիտէք, հաւանաբար, որ համաձայն քաղաքացիութեան մասին ՀՀ օրէնքի, ազգութեամբ հայերը քաղաքացիութիւն կը ստանան պարզեցուած կարգով, իսկ համաձայն ՀՀ կառավարութեան համապատասխան որոշման, Սուրիոյ քաղաքացիները կրնան ՀՀ անձնագիրներ ստանալ նաեւ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն:
Աւելցնեմ, նաեւ որ թէ′ քաղաքացիութեան եւ թէ′ մուտքի արտօնագիր ստանձնելու հետ կապուած հիւպատոսական ծառայութիւնները Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն համար կը մատուցուին անվճար:
Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութիւնը շարունակելու վերաբերեալ քաղաքական որոշման լոյսի ներքոյ մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքը` փորձելով հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ թեթեւցնել այն ծանր բեռը, որ այսօր ծառացած է սփիւռքի ամենածաղկուն հայկական համայնքներէն մէկուն ուսերուն:
– Ին՞չ կրնաք ըսել Հալէպի համայնքային կառոյցներուն մասին:
– Պէտք է արձանագրել, որ Հալէպի հայութեան վիճակը շատ աւելի ծանր կ’ըլլար, եթէ այստեղ իրենց արդիւնաւէտ եւ համակարգուած գործունէութիւնը չծաւալէին համայնքային մեր բոլոր կառոյցները, որոնք կարելի է ըսել. անցած են արտակարգ իրավիճակի մէջ աշխատելու ձեւին: Համայնքէն ներս կը գործէ
շտապօգնութեան եւ վերականգնման մարմինը, որուն ընդգրկուած են համայնքապետները, աւանդական կուսակցութիւններու եւ բարեգործական
կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը
մշտական կապի մէջ է վերջիններուս հետ` փորձելով հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ համատեղ լուծումներ գտնել առկայ խնդիրներուն:
www.tert.am