Տեղի Կ’ունենայ «Արի Տուն» Ծրագիրի 1-ին Փուլի Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Յունիս 23-ին, ժ.18:00-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի կ’ունենայ «Արի տուն» ծրագիրի   1-ին փուլի փակման հանդիսաւոր արարողողութիւնը:

Ձեռնարկին պիտի  մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Աւանդական դարձած խարոյկին շուրջ պիտի հաւաքուին Սփիւռքէն ժամանած պատանիներն ու աղջիկները, որոնց հետ պիտի հանդիպին նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, երգչուհի Շուշան Պետրոսեանը, երգիչ Անտրէն:

ժ.16:30-ին լրագրողներուն տեղափոխող հանրակառքը պիտի շարժի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շէնքին առջեւէն (հասցէ` Վ. Սարգսեան 26/1, «էրեբունի Պլազա» բ/կ):

Scroll Up