Նիւ Եորքի ՍՆԱՎ-ի Հիւրերը` Արտա Եւ Հրայր Ճէպէճեաններ

Քանի մը տարի առաջ էր, Միացեալ Նահանգներու այս ափին ելեկտրոնային կապով ուշադրութիւնս գրաւեց Կիպրոսէն հասնող խիստ շահեկան, հայերէնով ուսումնասիրութիւն մը` դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ստորագրութեամբ, «Երանի ծնողքս հայերէն սորվեցուցած ըլլային ինծի» վերնագիրով: Նոյն շաբաթն իսկ հանգուցեալ լրագրող եւ թարգմանիչ Արիս Սեւակ անգլերէնի թարգմանուած պատճէնը կը ղրկէր յօդուածին շահեկանութեան համար եւ մանաւանդ` հայերէն չկարդացողներուն ուշադրութեան յանձնելու:
Շատ չանցած` Հրայր Ճէպէճեանի ստորագրութեամբ մակագրուած հատոր մը հասաւ ինծի` «ՀԱՅՈՒՆ ԳՈՅԱՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» ընդհանուր խորագրով:
Հալէպցի ըլլալուս, Ճէպէճեան գերդաստանին անունը ծանօթ էր: Հալէպի մէջ ակնաբուժ տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանը հանրածանօթ մասնագէտ մըն էր: Միջին Արեւելքի մէջ դեռ 50-ականներուն կոյր մարդու մը տեսողութիւն տուած էր` նոր մահացած մէկուն աչքէն «լոյս»-ը անմիջապէս հանելով եւ այդ աչազուրկին պատուաստելով: Հրաշքի համազօր երեւոյթ էր, որ այդ օրերուն յաջողեցաւ: Հայ թէ արաբ տուներէն ներս բերնէ բերան ճամբորդող, հիացմունքով խօսուող (Դիմատետրի չգոյութեան) ամենատաք նիւթն էր: Իսկ մեր մանուկ հոգիներուն մէջ հպարտութիւնը անսահման էր:
Ճէպէճեան մականունով հալէպեան յուշերն էին, որ յորդիլ սկսան: Ունէի դասընկերներ, որոնք բոլորն ալ վերապրողներու զաւակ` հպարտ եւ յաջողակ այնթապցիներ էին: Հաւանաբար բոլորն ալ` նոյն արմատէն սերած: Երբ ուսուցչութեան սկսայ Հալէպի «Այնթապու կրթասիրաց վարժարան»-ին մէջ (1965-ին), քանի մը ամիս ետք խնամակալութեան երէց ատենապետ Սարգիս Ճէպէճեանը մահացաւ: Ամբողջ դպրոցով` աշակերտներ, ուսուցչական կազմ եւ տնօրէնութիւն, թափօր կազմած, դագաղին ետեւէն քալեցինք մինչեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Քառասուն Մանկանցի շրջափակին մէջ նախկին եկեղեցին)` առ ի յարգանք վարժարանի արժանաւոր հոգաբարձու-խնամակալին:
Կորսուած հարազատներ գտնելու չափ հաճելի էր կապ հաստատել նոր սերունդի ներկայացուցիչ Ճէպէճեան ամոլին հետ: Քաղաքացիական-ընկերային կապերէն աւելի` զիս հիմա կը հետաքրքրէր այս երկու արժէքաւոր մասնագէտներուն ներդրումը մեր այս օրերու արտասահմանեան կեանքին մէջ:
Ծանօթ ամոլին ստորագրութեամբ մէկը միւսին յաջորդող ուսումնասիրուած հետաքրքրական յօդուածներ սկսան երեւիլ (կամ` իմ աչքէս չփախչիլ) մեր անգլիատառ թէ հայատառ մամուլին մէջ. դոկտ. Արտա Ճէպէճեան «Denial of Genocide: History or Politics» Dr. Arda Jebejian, Հրայր Ճէպէճեան` «Համաշխարհայնացումը` ազգային-մշակութային ինքնութեան վերացո՞ւմ, թէ՞ վերանորոգում»:
Կիպրոսէն Միացեալ Նահանգներ ճամբորդող եւ արտասահմանեան մամուլին մէջ երեւցող այս անունները զիս աւելի եւս մօտեցուցին այս մասնագէտներուն:
Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի (ՍՆԱՎ) ընտանիքն ալ կ՛արժէր, որ ծանօթանար այս արժէքաւոր մասնագէտներուն: Մանաւանդ մեր օրերու ծնողներուն միտքը յուզող, հրատապ հարցեր շօշափող նիւթեր էին ներկայացուելիքները:
Չորեքշաբթի, մայիս 14, 2014-ի երեկոյեան, Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեանները հրաւիրուած էին ՍՆԱՎ-ի ընտանիքին հետ հանդիպումի մը: Հակառակ անոր որ միմիայն մէկ շաբաթով կը գտնուէին Նիւ Եորք, անոնք յանձն առին հանդիպիլ վարժարանի ընտանիքին հետ:
Ընկերալեզուաբան Արտա Պոյներեան-Ճէպէճեանը իր դոկտորականը ստացած է Անգլիայէն (University of Leicester, UK): Ան այժմ դասախօս է Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ համալսարանին ընկերային գիտութիւններու ամպիոնին մէջ:
Դոկտոր Արտան իր լուրջ ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ հիմնուելով եւ սահիկներու օգնութեամբ ցոյց տուաւ, թէ որքան սխալ պիտակներ կը շրջին տակաւին նոյնիսկ ներկայ ընկերութեան մտածելակերպին մէջ, թէ` «Երկլեզու անհատը անբախտ է, դիւրին գործ չի կրնար գտնել տուեալ ընկերութեան մէջ, ապուշ է, ստորակայութեան բարդոյթ կ՛ունենայ, գաղթական կամ աղքատ փոքրամասնութեան կը պատկանի. եւ այլն»:
Մատը մեր ազգային վէրքին վրայ դնելով` դոկտոր Արտան անդրադարձաւ մտածելակերպին այն հայ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն ականջը կը լեցնեն` ըսելով, թէ` «Հայերէնը հաց չի կերցներ»,«Հայերէնը միջազգային լեզու չէ», եւ բնական է, որ նոր սերունդէն պիտի լսենք` «Հայերէնի ուսուցիչ չեմ ուզեր ըլլալ, հայերէնը յետամնաց եւ անօթի կը պահէ»:
Հակառակ անոր որ դոկտոր Արտային ուսումնասիրական աշխատանքները գլխաւորաբար կեդրոնացած էին Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան վրայ, բայց պատկերը նոյնը չէ՞ արդեօք հայ կեանքին մէջ քիչ մը ամէնուրեք:
Մինչ այդ պէտք է հասկնալ ե՛ւ հասկցնել, թէ միմիայն մայրենի՛ լեզուի հասկացողութեամբ է, որ մենք մեզ արմատներուն մօտ կրնանք զգալ` ըմբռնելու համար մեր պատմութեան խորքը, գրականութեան նրբութիւնը, եւ մեր զաւակները պիտի կարենան հայ երաժշտութեան հայեցի թրթռացումներով հաղորդուիլ, մեր հարուստ մշակոյթով հպարտանալ:
Խիստ հետաքրքրական պատկեր կը ներկայացնէր այն սահիկը, որ դոկտ. Արտան պաստառի վրայ պահեց քանի մը վայրկեան` առ ի գիտութիւն բոլոր ազգութիւններու ծնողներուն: Անկէ հետեւցնելով ահաւասիկ պատկեր մը. ուսումնասիրուած է, որ եթէ կարելի ըլլայ աշխարհի բոլոր լեզուները խօսող անհատները յարաբերաբար ճիշդ թիւով ներկայացնել ՀԱՐԻՒՐ հոգինոց հաւաքոյթի մը մէջ, պիտի տեսնենք, որ այդ հարիւրէն 17 հոգին չինարէն կը խօսի, 6-ը սպաներէն, 5-ը անգլերէն, 4-ը հինտու, 3-ը արաբերէն, 3-ը պենկալի, 2-ը ռուսերէն… եւ այսպէս…
Հայ ծնողներուն կը մնայ որոշել, թէ ո՛ր մեծամասնութեան լեզուին պէտք է հետեւիլ… իրենց զաւակներուն «ապագայ մը ապահովելու» համար:
Նոյն երեկոյեան ներկաները վայելեցին նաեւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին ամփոփ ելոյթը: Ճիշդ նոյն օրը Հրայր Ճէպէճեան պաշտպանելով իր թեզը` արժանացած էր դոկտորական վկայականին, Նիւ Եորքի Աստուածաբանական ճեմարանէն աստուածաշունչի յանձնառութիւն ճիւղին մէջ (Bible Engagement): Ներկաները սրտագին ծափահարութիւններով ողջունեցին լուրը եւ շնորհաւորեցին դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը` այս պատուաւոր տիտղոսին արժանանալուն առթիւ:
Ս. Գիրքի Հրատարակչական ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներուն վարչական տնօրէնն է Հրայր Ճէպէճեան: Ան մագիստրոսի իր վկայականը ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: Իր գրչին արգասիքն են անցնող 30 տարիներու ընթացքին լոյս տեսած անհամար յօդուածները` լուսարձակի տակ դնելով երկրագունդի բնակիչ ՀԱՅՈՒՆ կեանքը, քիչ մը ամէնուրեք:
Մանրավէպի համ տուող այդ յօդուածներուն մեծ մասը ներփակուած է 460 էջնոց «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» ընդհանուր խորագիրը կրող հատորի մը մէջ, որ լոյս տեսած է 2010-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութենէն, Պէյրութ:
Հրայրին իւրաքանչիւր յօդուածը արտասահմանեան մեր հայ իրականութեան մէկ պատկերն է, որ կը նկարագրէ, կը պատմէ, մտածել կու տայ, կը ներշնչէ, կը յուսադրէ, լաւատեսութեան կը մղէ: Դոկտ. Արտան լաւագոյնս կը բնութագրէ Հրայրին գրիչին վաստակը իր խմբագիրի խօսքին մէջ. «Հրայրը վաղուց հասկցած էր հայուն պատմութիւնը` սպանդ, անարդարութիւն, պանդխտութիւն, սփիւռք եւ պահանջատիրութիւն: Իւրաքանչիւր յօդուած կ՛արտացոլայ հայուն պայքարը ամէնուրեք, բայց միեւնոյն ժամանակ իւրաքանչիւր յօդուած կ՛արժեւորէ հայուն հաւատքը, ուժը, հաւատարմութիւնը, սէրը, համբերութիւնը, արդարութիւնը, եւ կամքը` երէկ, այսօր եւ վաղը»:
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան համաշխարհայնացումի հարցին շուրջ իր ուսումնասիրութիւններէն բխած հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու մէջբերումներով հարցին ժխտական եւ դրական կողմերը լուսաբանեց. մէկ խօսքով` նոյն վիճակին հակադիր երեսները նշելով, որ` «եթէ մէկ կողմէն համաշխարհայնացումը կը ստեղծէ միացնող ուժը, միւս կողմէ` նոյն այս ուժը նաեւ քաղաքական ինքնութեան ձգտումները կը տարանջատէ»:
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան անձնական օրինակներով համեմեց իր ելոյթը, դարձեալ սահիկներու օգնութեամբ: Ապա Արամ Ա. կաթողիկոսին մէջբերումով եզրափակեց իր խօսքը. «Ճիշդ յարաբերութիւնը համաշխարհայնացումի հետ պիտի մղէ մեր մշակոյթը, որպէսզի վերանորոգէ ինքզինք: Եւ վերանորոգուած մշակոյթը եւ ինքնութիւնը պիտի քաջալերէ հայը, որպէսզի աւելի լաւ շաղկապուի ուրիշ մշակոյթներու հետ: Մշակոյթ մը, որ չի վերանորոգեր ինքզինք, դատապարտուած է մահուան: Նոյնքան նաեւ ժողովուրդ մը, որ հաւատարիմ չի մնար իր մշակոյթին, պիտի անհետանայ պատմութեան սլացքին»:
Մեր ժողովուրդին կը մնայ իմաստութեամբ կողմնորոշուիլ` հաւասարակշռութիւն պահպանելու համար այս ժամանակակից իրավիճակին մէջ, որմէ` «կարելի չէ խուսափիլ, ոչ ալ կարելի է անտեսել»:
Ճէպէճեան ամոլը ազգային, միութենական եւ համագաղութային կեանքին մէջ իսկական նուիրեալներ են եւ լայն գործունէութիւն ունին: Պոյներեան եւ Ճէպէճեան վերապրող գերդաստաններու ժառանգ` երկու մասնագէտներ` Արտան եւ Հրայրը, որոնք հարիւր տարի ետք ալ իրենց արեան կանչով կը շարունակեն հեղինակաւոր անհատներ ըլլալ մեր արտասահմանեան կեանքին մէջ: Անոնք ըսելիք ունին աշխարհով մէկ ցրուած հայերուն` լուսաբանելու, մասնագիտական եւ գիտական տուեալներով ըսելու, թէ միալեզու երեխան աւելի խելացի կամ «լեզուն բերնին մէջ դարձող» անհատը չէ անպայման, կամ` տան մէջ իր մայրենին իւրացնողը եւ դպրոցին մէջ ուրիշ լեզու սորվողը ոչինչով նուազ խելացի է միւս միալեզու աշակերտէն: Ընդհակառակը, քանի մը լեզու խօսող պատանին իր լեզուամտածողութեամբ աւելի ճկուն է եւ հասկցող, քան` միւսը, որ միմիայն մէկ լեզու գիտէ: Չի բաւեր«ախ ու վախ»-ով ձեռնածալ նստիլ, երբ կը լսենք, կը կարդանք, թէ հայերէնը կորսուելու դատապարտուած լեզու մըն է, այլ` համախմբուած ջանքով համազգային զօրաշարով աշխատանք տանիլ մեր զաւակներուն մտքին մէջ փոքր տարիքէն մայրենիին սէրը հրահրելու:
Ընկերային եւ ազգային կարեւոր այս հարցերը լրջօրէն շօշափող երեկոն հարց-պատասխանով աւարտեցաւ: Ներկաները աւելի եւս տպաւորուեցան եւ սքանչացան վարժարանին հիւր, մասնագէտ հեղինակաւոր այս անձնաւորութիւններուն ընկերային, ազգային եւ գիտական մարզերու մէջ ունեցած հարուստ պաշարին:
Շնորհակալութեան որեւէ բառացի արտայայտութիւն շատ տկար է գնահատելու եւ ՍՆԱՎ-ի ընտանիքին կողմէ երախտագիտութիւն փոխանցելու համեստ ու հիանալի այս ամոլին ելոյթին, որ այդ երեկոյ անոնք սիրայօժար նուիրեցին հայ վարժարանի ընտանիքին:
Զարմինէ Պօղոսեան
Օքլընտ Կարտընզ – Նիւ Եորք