Շարլ Ազնաւուր Պարգեւատրուեցաւ ՌԴ ԱԳ Նախարարութեան Կրծքանշանով

Ժընեւի մէջ յունիս 21-ին, ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսէյ Պորոտաւկինը Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Շարլ Ազնաւուրին փոխանցեց ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութեան «Միջազգային համագործակցութեան մէջ ներդրում ունենալու համար» պատուոյ նշանը` ռուս-հայկական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար:

Յայտնելով իր երախտագիտութիւնը պատուաւոր պարգեւին համար`դեսպան Ազնաւուր վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու հայ-ռուսական բարեկամական յարաբերութիւններն ամրապնդելուն ուղղուած իր
գործունէութիւնը:

Վերոյիշեալ պատուոյ նշանով դեսպան Ազնաւուր պարգեւատրուած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրովի` 2014թ. յունիս 2-ի հրամանով: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up