Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Բանաձեւը Յաղթականօրէն Առաջ Կ’անցնի Քալիֆորնիոյ Նահանգի Խորհրդարանին Մէջ
ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Խորհրդարանի կրթական հարցերով յանձնաժողովը միաձայն կողմ քուերակած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը նահանգի կրթական ծրագիրին ներառող AB 1915 բանաձեւին: Այն ներկայացուած էր Ատրին Նազարեանի կողմէ եւ կը նախատեսէ 7-12-րդ դասարաններու «Հասարակագիտութիւն» առարկայի ծրագիրին ներառել Հայոց ցեղասպանութիւն պատմութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով «Ասպարէզ» պարբերականը, AB 1915 բանաձեւն այժմ կը քննարկուի Խորհրդարանի Յատկացումներու յանձնաժողովին, որու կողմէ հաստատուելու պարագային կ’անցնի Խորհրդարանի ընդհանուր ժողով:
Բանաձեւն անցած է երկար ուղի. նախ ապրիլի սկիզբը Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի Կրթական հարցերով յանձնաժողովը միաձայն հաստատեց AB 1915 բանաձեւը, ապա այն ստացաւ Յատկացումներու յանձնաժողովներու հաւանութիւնը, որմէ ետք, դրուելով Քալիֆորնիոյ նահանգի ընդհանուր ժողովի քննարկման, մայիս 28-ին 77 կողմ եւ 0 դէմ ձայներու ապշեցուցիչ յարաբերակցութեամբ անցաւ միաձայն:
Այն կ’առաջարկէ Կրթութեան բաժանմունքի հրապարակումներ լոյս ընծայել 1915 թուականի կոտորածներու մասին, այդ մասին տեղեկութիւններ ներառել ուսումնական նիւթերուն մէջ:
armenpress.am