Մօնթէվիտէօյի մէջ 7 նորագիրներ կոչուեցան «Քեսապի սերունդ»

Յունիս 14-ը մեր շրջանի համար յատկանշուեցաւ զոյգ տօնախմբութիւններով, քանի որ Հայաստանի Անկախութեան 96-ամեակի հետ միասին, տօն էր նաև ՀՅԴ վռամեան Կոմիտէութեան։

Անկախութեան տօնախմբութենէն վարկյաններ առաջ, յուզումի և ուրախութեան ռոպեներ ապրեցաւ Վռամեան Կոմիտէութիւնը քանի որ 7 նորագիրներ, կատարելով իրենց  երդման արարողութիւնը, մտան կուսակցութեան շարքերը։

Օրուայ կնքահայր Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ ԿԿի անդամ ընկ. Կարօ Հէքիմեանը խօսք առնելով ոչ միայն կարևորեց երիտասարդներու մուտքը մեր կուսակցութեան շարքերը, այլև շեշտեց այն հանգամանքը, որ այս օրերուն համայն հայութեան տագնապեցնող իրադարձութիւններու լոյսին տակ, երբ Սուրիահայը ,Հալէպի, Քեսապի և այլ շրջաններու մէջ, ճգնաժամ կ՛ապրի, Միջին Արևելքի մէջ տիրող ոչ բնական պայմաններուն ներքեւ,  ուր հայութիւնը թիրախ կը դառնայ մեր դարաւոր թշնամի, Թուրքիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ կատարւող ահաբեկչութեան գործողութիւններուն, նման երիտասարդներու ներգրաւումը մեր շարքերուն մէջ, աւելիով կ՛ամրապնդէ մեզի ի տես գիտակից և ազգային դաստիարակութիւն ստացած նորագիրներու, որոնք կու գան շարունակելու այս հզօր կազմակերպութեան շարքերէն ներս, այն  անվիճելի և օրինական պայքարը որ տասնամեակներ սկզբունք հանդիսացած է մեզի համար, Հայ Դատի ճամբով։

Յուզումի ալիք մը անցաւ ներկայ բոլոր ընկերներու սրտերէն, երբ ընկ. կնքահայրը շարքերը ընդունուած երիտասարդները կոչեց «Քեսապի սերունդ»:

Ջերմ և տօնական մթնոլորտի մէջ ընթացք առաւ, Վռամեան ակումբի հանդիսասրահին մէջ, Մայիս 28-ի անկախութեան 96-ամեակի ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պ. Այրեսէն հրաւիրուած յայտնի երաժիշտ, Էտկարտօ Սարեանը և ազգային յեղափոխական երգերու մեկնաբան, Ռուբէն Յակոբեանը որոնք օրուայ պատշաճ երգերով, մեծ ոգևորութիւն ստեղծեցին, իրենց կատարումներուն բաժնեկից  դարձնելով նաև ՀՅԴ Արմենիա Երիտասարդական Միութեան անդամները, որոնք մեր պանծալի Եռագոյնը պարզած բեմի վրայ կ՛ընկերակցէին մեր երաժիշտներուն։

Մեր Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք. Գըլնճեանն ալ իր սրտի խօսքին մէջ, շերմօրէն ողջունեց մեր երիտասարդներու աննկուն ոգին, շեշտելով որ անոնք կը դաստիարակուին ազգային մեր տեսլականով, չմոռնալով ոչ հեռաւոր անցեալը և ներշնչուելով անկախութիւն կերտած յայտնի և անյայտ հերոսներու աւանդով, հպարտօրէն կը քալեն այդ հերոսներու գծած ճամբով։ Սրբազանը նաև գտաւ թէ, ի տես այս երիտասարդութեան, Ուրուկուահայ գաղութի ապագան և անոր ազգային գոյութիւնը, լաւ ձեռքերու մէջ կը գտնուին։

ՀՅԴ Վռամեան Կոմիտէութիւն

Մօնթէվիտէօ-Ուրուկուայ

 DONAGADARUTYUN-28 YERTUM-

Scroll Up