Կտակ` Ալֆորվիլի Դպրոցաշինութեան Համար

Մայիս 22-ին իր մահ­կա­նացուն կնքեց Էմ­մա Աբ­րա­համեան։ Քան­դա­կագործ, Թեհ­րա­նի Գե­ղարո­ւես­տից բարձրա­գոյն ուսման դա­սախօս, ծնած էր Նոր Ջու­ղա 1922-ին։ 92-ամեայ ծե­րու­նա­զարդ տի­կինը բե­ղուն գե­ղարո­ւես­տա­կան, ըն­կե­րային ու հա­նրային գոր­ծունէու­թիւն ու­նե­ցած է։ Յան­դուգն նկա­րագ­րով արե­ւելեան աւան­դա­պաշտ երկրի մէջ եղած է յա­ռաջա­դէմ անձնա­ւորու­թիւն մը, կնոջ դե­րակա­տարու­թեան յա­տուկ զարկ տուած։ Եղած է հիմ­նա­դիր­նե­րէն Թեհ­րա­նի Հայ Կին Միու­թեան եւ Հայ Համալսարանականներու Միութեան։ Հե­տաքրքրո­ւած է մա­նուկնե­րու գե­ղարո­ւես­տա­կան դաս­տիարա­կու­թեամբ։ Կազ­մա­կեր­պած է անոնց յատուկ նկար­չութեան ցու­ցա­հան­դէսներ, ինչպէս նաեւ հայ­կա­կան տա­րազ­նե­րու նշա­նակա­լի ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Էմ­մա Աբ­րա­համեան վկա­յուած է 1956-ին Փա­րիզի Գե­ղարո­ւես­տից վար­ժա­րանէն։ Փա­րիզ հաս­տա­տուած է 80ական թուականներուն սկիզբը։ Մաս­նակցած է գե­ղարո­ւես­տա­կան ու մշա­կու­թա­յին զա­նազան գոր­ծունէու­թիւննե­րու։

Իբր քան­դա­կագործ Տի­կին Աբ­րա­համեանի մաս­նա­գիտու­թիւնը եղած է կի­սանդրին։ Իրեն կը պատ­կա­նի Յով­հաննէս Խան Մա­սեհեանի՝ Շէյքսփի­րի գոր­ծե­րուն լա­ւագոյն հա­յերէ­նի թարգմա­նիչին կի­սանդրին։ Ու­նի բազ­մա­թիւ այլ գոր­ծեր Պարսկաս­տա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի թան­գա­րան­նե­րուն մէջ։ Ալ­ֆորվի­լի դպրո­ցին նո­ւի­րած է իր «Առա­ջին Քայ­լը» քան­դա­կը։

Վեր­ջին կտա­կը եղաւ իր բնա­կա­րա­նին նո­ւի­րու­մը AAAS-ին (Ըն­­կե­րա­յին Օգ­նու­թեան Հայ­կա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան, նախ­կին՝ Աղ­քա­տա­խա­նա­մին), յա­տուկ պայ­մանով, որ անոր վա­ճառ­քէն ստա­ց­ուած գու­մա­րը յատ­կա­ց­ուի Ալ­ֆոր­վի­լի դպրո­ցի շի­նու­թեան :

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up