Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Շաբաթը Եզրափակուեցաւ Պատարագով Եւ Ջրօրհնէքով
Երէկ` երկուշաբթի, 16 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագով եւ ջրօրհնէքով աւարտեցաւ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթքի շաբաթը: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, երգեցողութիւնը կատարեց «Աւետաբեր» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ պատմական ակնարկ մը նետեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին ու վարքին վրայ` հաստատելով, որ այդ սուրբերը անցեալին չեն պատկանիր, այլ անոնք մարդկային ընկերութենէն եկող անձեր են, սակայն իրենց հաւատքի զօրութիւնը այնքան մեծ էր, որ յանձն առին նահատակուիլ, եւ Աստուած իրենց շնորհեց սրբութեան տիտղոսը: «Անոնք իրենց կեանքը կ՛ապրէին իբրեւ հաւատքի վկայութիւն… իրենց նահատակութեամբ կը վկայէին իրենց իսկութիւնը», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք պէտք է վարակուինք իրենց օրինակով եւ իրենց սրբութեամբ առաջնորդուելով կեանքի մաքուր հիմը ճշդենք:
Եզրափակելով իր պատգամը` առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ներկաները իրենց կեանքի ընթացքը փոխելու եւ զայն լեցնելու սրբութեամբ: «Աղօթքի այս պահը մեզ կը դարձնէ նոր արարածներ, որպէսզի մենք ալ սուրբերու օրինակով մեր կեանքին եւ ընկերութեան մէջ սրբութիւն քարոզենք եւ սրբութեան համար մեր կեանքը ընծայենք, որպէսզի արժանանանք երկինքի արքայութեան», եզրափակեց սրբազանը: Աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
«Ազդակ»