ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Ցաւակցական Խօսքը Պօղոս Սնապեանի Մահուան Առիթով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/1105Boghos-Snabian1.jpg)
Խորին ցաւով տեղեկացանք լիբանանահայ անուանի արձակագիր-քննադատ, գրականագէտ, հրապարակագիր, Պէյրութի «Բագին» գրական հանդէսի երկարամեայ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի մահուան մասին:
Պօղոս Սնապեանի մահը ծանր կորուստ է սփիւռքահայ գրական-մշակութային անդաստանին եւ առհասարակ հայ գրական ու գրականագիտական միտքին համար: Ըլլալով սփիւռքահայ մտաւորականութեան միջին սերունդի կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկը` Պօղոս Սնապեան իր ողջ կեանքը նուիրաբերեց հայ գրականութեան, ի մասնաւորի` արեւմտահայ գրականութեան քարոզչութեան ու տարածման` ըստ այնմ բերելով իր ուրոյն, յաճախ ըմբոստ, բայց միշտ ինքնատիպ ու խորիմաստ գնահատական-արժեւորումը, ինչ որ մնայուն հետք ունի արդի հայ գրականագիտական միտքի պատմութեան մէջ:
Պօղոս Սնապեանի հրապարակումները միշտ նուիրուած եղած են հայուն, հայութեան եւ Հայաստանին` մտահոգ Հայրենիքի զարգացման ու հզօրացման տեսլականով: Ան անմացորդ հետք ձգած է Հայրենք-Սփիւռք գործակցութեան խորացման, ամրապնդման եւ զօրացման գործին մէջ: Պօղոս Սնապեան լիբանանահայութեան ճանաչուած եւ արժանի զաւակներէն էր: Կը ցաւինք Պօղոս Սնապեանի կորուստին, մխիթարուինք այն գիտակցմամբ, որ անոր հոգին տեղ պիտի գտնէ դրախտի անդաստանին մէջ եւ անոր անունն ու գործը միշտ պիտի յիշուի զինք ճանչցողներու կողմէ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ողջ անձնակազմը կը ցաւակցի Պօղոս Սնապեանի ընտանիքին, բարեկամներուն, գրչակից ընկերներուն, անոր ճանչցողներուն` անդառնալի կորուստի կապակցութեամբ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան