Խօսք Պօղոս Սնապեանի Մասին. Վախճանած Է Անուանի Մտաւորականը

Սփիւռքի մեր գրական, մշակութային, լրագրողական հանրութիւնները ծանր կորուստ կրեցին: Կորուստը նաեւ մերն է, որովհետեւ շատ շատոնց Սփիւռքի եւ Հայաստանի գրական իրականութիւնները սերտակցուած են իրար: Ուրեմն, կեանքէն հեռացած է ՄԵՐ Պօղոս Սնապեանը` անխոնջ խմբագիրը, գրականագէտը, գրողը, հրապարակագիրը: Այն Պօղոս Սնապեանը, որուն դէմ ժամանակին բուռն ու անզիջում պայքար ծաւալեցաւ խորհրդահայ գրական մամուլին մէջ` «Ես այդ շունն եմ» պատմուածքին համար, որու դէմ ելան նաեւ վերջերս, յատկապէս անոր յարկին տակ իջեւանած, անոր բարեկամ ներկայացածներէն ոմանք, որոնք չուզեցին ներել կեանքի մեծ ճանապարհ անցած ու երբեմն անձնական դիտումներով առաջնորդուող գրականագէտ-հրապարակագիրին, որն, իսկապէս, ինք ելաւ մեր գրականութեան որոշ մեծերուն դէմ` թերեւս չհասկնալով խորհրդային ժամանակներու առանձնայատկութիւնները, չընկալելով այն միջավայրը, ուր պարտաւոր էին գործել հայ շատ նշանաւոր գրողներ…

Հիմա ամէն ինչ արդէն անցեալի մէջ է, յիշողութեան շրջագիծերուն: Հիմա Պօղոս Սնապեանն ալ յիշողութիւն կը դառնայ` իր հեռանալով  մեծ հարուած մը հասցնելով Սփիւռքի օրաւուր աղքատացող-նուացող գրական կեանքին: Պօղոս Սնապեան ողջ կեանքին մէջ հաւատարիմ մնաց իր կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ծառայեց անոր` երբեմն իր հայեացքներու ծայրահեղականութիւնը բացատրելով նաեւ գաղափարական եւ քաղաքական համոզումներով: Իրաւացի են բոլոր անոնք, որոնք Սնապեանը կը համարէին ժամանակակից Սփիւռքի մեծագոյն մտաւորականներէն, արեւմտահայ գրականութեան ու գրականագիտութեան տարածողն ու վերծանողը:

Պօղոս Սնապեան ծնած է 1927 թուականի օգոստոսի 11-ին, Մուսա լերան ստորոտին գտնուող Պիթիաս  գիւղը, ուր շատերը կը պատմէին հերոսական պաշտպանութեան մասին,  հպարտանալով պատմութեամբ:  Ժամանակ մը անց ան իր հայրենակիցներուն հետ հեռացաւ ծննդավայրէն եւ բնակութիւն հաստատեց Լիբանանի Այնճար գիւղաքաղաքին մէջ, ուր  ապրեցաւ իր ողջ կեանքը` Պէյրութն ընտրելով աշխատատեղ: Աւարտած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը  եւ Սորպոնի համալսարանը: Ուրեմն, ստացած էր ժամանակի լաւագոյն կրթութիւնը, խորացած գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ, ծանօթացած համաշխարհային գրականութեանն ու փիլիսոփայական ուղղութիւններուն: 1951 թուականին սկսած էր աշխատակցիլ Սփիւռքի յառաջատար թերթերուն ու հանդէսներուն: 1958-էն Կարօ Սասունիի եւ Եդուարդ Պոյաճեանի հետ դարձած էր համասփիւռքեան «Բագին» գրական հանդէսի հիմնադիր անդամներէն: Ուղիղ քառասուն տարի` 1966-էն մինչեւ 2006 թուական, Պօղոս Սնապեան «Բագինի» խմբագիր-հրատարակիչը եղաւ, ստեղծեց Սփիւռքի լաւագոյն գրական պարբերականը, ուր տպագրելը պատիւ էր շատերուն համար:

Պօղոս Սնապեան խմբագրական-հրատարակչական գործունէութիւնը զուգորդեց գրական աշխատանքին` հրատարակելով «ժամանակ չկայ» վիպակը, «Յեղափոխութեան համար», «Ես այդ շունն եմ», «Կորստեան թոյներ», «Աղքատներուն աւանդութիւնը» ժողովածուները: Քանի մը տասնեակ գրականագիտական մենագրութիւններ եւ յօդուածներ, դիմանկարներ, տարեգիրքեր, գրախօսականներ`ահա Պօղոս Սնապեանի ժառանգութիւնը, որմէ շատ էջեր մնայուն արժէքներ են արդէն:

Ոմանք կիրքով ու մաղձով բռնուած` փորձեցին հողին հաւասարեցնել Պօղոս Սնապեանի վաստակն ու ծառայութիւնը մեր գրականութեան մէջ, չուզեցին յիշել ու արժեւորել այն, որ Սնապեանի գրականագիտական նուրբ ու խորազինին ուսումնասիրութիւնները նուիրուած էին Յակոբ Օշականին, Վազգէն Շուշանեանին, Նշան Պեշիկթաշլեանին, Եդուարդ Պոյաճեանին, Կոստան Զարեանին, Եղիշէ Չարենցին, Յակոբ Կարապենցին: Ան անդրադարձած է Մեսրոպ Մաշտոցին, Գրիգոր Նարեկացիին, Ներսէս Շնորհալիին, Սայաթ-Նովային, ապա արդէն` Շահան Շահնուրին ու Պարոյր Սեւակին, Խաչիկ Դաշտենցին ու Մուշեղ Գալշոյեանին: Գրականագիտական իր հետազօտութիւնները ամփոփած է եռահատոր գիրքի մէջ, որ մեր գրականութեան պատմութեան ուսումնասիրման ու արժեւորման  կարեւոր հանգրուան մըն է:

Գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Դաւիթ Գասպարեան Պօղոս Սնապեանի մասին գրած է. «Պօղոս Սնապեանի ստեղծագործական խառնուածքի մէջ իրար են ձուլւում գրական բոլոր տեսակները, եւ իր նկարագրով նա ժամանակի առջեւ է կանգնում ոչ թէ որպէս սոսկ արձակագիր, քննադատ կամ հրապարակագիր, այլեւ այդ եւ այլ համանման լիցքերով հանդերձ` որպէս գրական երեւոյթ: Նրան դիմելով` վստահօրէն կարող ենք ասել. մեր առջեւ է ժամանակակից հայ գրականութեան վստահելի տէրերից մէկը, որն այդ բարձունքին է հասել հետեւողական ու սկզբունքային ամենօրեայ աշխատանքով»:

Հիմա Պօղոս Սնապեանի աճիւնը լիբանանեան հողինն է, հոգին ու յիշատակը` մերը…

Լեւոն Մութաֆեան

Scroll Up