Ականաւոր Մտաւորական Պօղոս Սնապեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

Յունիս 14-ին իր մահկանացուն  կնքեց “Բագին” ամսագիրի բազմամեայ վաստակաւոր խմբագիր, հայ ժամանակակից գրականութեան իր ուրոյն ներդրումը ունեցած գրականագէտ, դաշնակցական ականաւոր մտաւորական Պօղոս Սնապեան: Ան ժամանակակից Սփիւռքի մեծագոյն մտաւորականներէն էր, որ երկար տարիներ դարձած էր արեւմտահայ գրականութեան ու գրականագիտութեան տարածողն ու վերծանողը: Պօղոս Սնապեան ծնած էր 1927 թուականին պատմական Մուսա լերան մէջ, ապա իր հայրենակիցներուն հետ բռնած տարագրութեան ուղին ու հաստատուած Լիբանանի Այնճար գիւղաքաղաքին մէջ: Աւարտած էր Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը, ուսանած Փարիզի Սորպոնի համալսարանը:

1951-էն աշխատակցած է սփիւռքի տարբեր պարբերականներու: 1958-էն` Պէյրութի մէջ հրատարակուող համասփիւռքեան “Բագին” հանդէսի խմբագրակազմի հիմնադիր-անդամ էր Կարօ Սասունիի եւ Եդուարդ Պոյաճեանի հետ, 1966-2006-ին` գլխաւոր խմբագիրը: Դասաւանդած է Լիբանանահայ շարք մը ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

Հեղինակ է “ժամանակ չկայ” վիպակի, “Յեղափոխութեան համար”, “Ես այդ շունն եմ”, “Կորստեան թոյներ”, “Աղքատներուն աւանդութիւնը”, ժողովածուներու եւ այլ գիրքերու, գրականագիտական մենագրութիւններու, դիմանկարներու, տարեգիրքերու, բազմաթիւ գրախօսական յօդուածներու:

Արժանացած է Հայաստանի գրողներու միութեան Միքայէլ Նալբանդեանի անուան մրցանակին, ՀՀ Մովսէս Խորենացիի մետալին:

www.yerkirmedia.am

Scroll Up