Միջվարժարանային Արտասանութեան Մրցում Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան

Քսան եւ ութ տա­րինե­րէ ի վեր Պոլ­սա­հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թիւնը, հա­կառակ նիւ­թա­կան թէ բա­րոյա­կան բազ­մա­թիւ դժուա­րութեանց, հա­ւատա­րիմ մնա­լով իր հիմ­նադրու­թեան կա­րեւո­րագոյն նպա­տակին` մայ­րե­նի լե­զուի սէրն ու հու­րը միշտ վառ պա­հելու փոք­րիկնե­րու մօտ, կը կազ­մա­կեր­պէ միջ­վարժա­րանա­յին ար­տա­սանու­թեան սոյն մրցու­մը:

Հա­կառակ օրըս­տօ­րէ քաղցրա­հնչիւն մայ­րե­նիի նկատ­մամբ մո­մի պէս հա­լող հե­տաքրքրու­թեան եւ ամէն մար­զէ ներս տի­րապե­տող ան­տարբե­րու­թեան, ո՜վ հրաշք, Մար­սի­լիոյ Սա­հակ-Մես­րոպ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նը բեր­նէ բե­րան լե­ցւած էր ծնող­նե­րով, աշա­կերտնե­րով եւ գրա­սէր հա­նրու­թեամբ: Օրերս տե­ղի ու­նե­ցաւ սոյն մրցու­մը Կեդ­րո­նի «Էլիզ եւ Արծրու­ն Ջրբա­շեան» սրա­հին մէջ:

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սանեց Միու­թեան ատե­նապետ Խա­չիկ Եըլ­մա­զեանը, որ շեշ­տը դրաւ որե­ւէ ժո­ղովուրդի հա­մար լե­զուի կա­րեւո­րու­թեան վրայ եւ ընդգծեց Սփիւռքի մէջ ցո­րեն­նե­րու նման աս­դին եւ ան­դին նե­տուած հա­յոր­դի­ներու մօտ ոս­կեղինիկ լե­զուի կա­տարած կեն­սա­կան դե­րը, ինքնու­թիւնը պա­հելու եւ շա­րու­նա­կելու նուիրա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ: Ջերմ շնոր­հա­կալու­թիւններ յայտնեց ծնող­նե­րուն, ու­սուցիչ­նե­րուն, ինչպէս նաեւ Միու­թեան իր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­ներուն, իրենց թա­փած ջան­քե­րուն հա­մար, ի փառս հայ գիր եւ գրա­կանու­թեան:

Այս տա­րուան մրցու­մին մաս­նակցե­ցան 60 աշա­կերտներ` Մար­սիլիոյ Հա­մազ­գա­յին ամէ­նօրեայ, ԺԱՖ-ի, Մայր Եկե­ղեց­ւոյ Աբո­վեան, Էքս-ան-Փրո­վան­սի Հայ՝ս Գլէօպի եւ Նի­սի Տիկ­նանց միօրեայ վար­ժա­րան­նե­րէն: Դա­տակազ­մը բաղ­կա­ցած էր վե­րոյի­շեալ դպրոց­նե­րու ու­սուցիչ­նե­րէ` Սիլ­վա Էթա­րեանէ, Էմ­մա Մար­տի­րոսեանէ, Մայ­տա Կա­րապե­տեանէ, Շա­քէ Յա­կոբեանէ եւ Միու­թեան կող­մէ նշա­նակուած` Սե­դա Սի­մոնեանէ, Անի Յով­սէփեանէ եւ Ժիւ­լիէթ Եըլ­մա­զ­եանէ: Ինչպէս ամէն տա­րի, այս տա­րի եւս թեկ­նա­ծու­նե­րը մրցե­ցան չորս մա­կար­դակնե­րու մէջ, ըստ իրենց տա­րիք­նե­րուն:

Առա­ջին փու­լին անոնք ներ­կա­յացան Միու­թեան կող­մէ ընտրուած եւ գրե­թէ չորս ամիս­ներ առաջ ղրկուած պար­տա­դիր ար­տա­սանու­թիւննե­րով: Դա­տակազ­մը իւ­րա­քան­չիւր մա­կար­դա­կէն ընտրեց լա­ւագոյննե­րը, որոնք ազատ ար­տա­սանու­թիւննե­րով հան­դէս եկան երկրորդ փու­լին: Միու­թեան կող­մէ պատ­րաստուած ոս­կէ, ար­ծա­թեայ եւ պղնձեայ հայ­կա­կան խա­չեր (մե­տալ) ստա­ցան, ան­շուշտ դա­տակազ­մի որո­շու­մով, հե­տեւեալ փոք­րիկներն ու պա­տանի­ները:

Ոս­կէ մե­տալ.- Ալ­պէր Կա­զարեան (Հա­մազ­գա­յին` 6-8 տա­րեկան), Աստղիկ Եալըչ (Հա­մազ­գա­յին` 9-11), Ալիս Հա­լաճեան (ԺԱՖ՝ 12-14), Լու­սի Գա­րան­ֆի­լեան (Հա­մազ­գա­յին` 15-18) եւ Ազատ Էօր­տէ­քեան (Հա­մազ­գա­յին` 15 -18):

Ար­ծա­թեայ մե­տալ.- Վար­դե­նի Դա­ւիթեան (Հա­մազ­գա­յին` 6-8), Զա­տիկ Մունկան (Հա­մազ­գա­յին` 9-11), Էլէն Օվո­յեան (ԺԱՖ՝ 12-14):

Պղնձեայ մե­տալ.- Լու­նա Ֆրօ (Հա­մազ­գա­յին` 6-8), Դրօ Տէր Վար­դա­նեան եւ Սանտրա Զա­լինեան (Հա­մազ­գա­յին` 9-11), Գո­հար Գա­զան­ճեան (Նի­սի Տիկ­նանց՝ 12- 14) :

Այս հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին նշմա­րեցինք այն սքան­չե­լի իրո­ղու­թիւնը, թէ աշա­կերտնե­րու մա­կար­դա­կը տա­րուէ տա­րի կը բարձ­րա­նայ եւ անոնց մի­ջեւ կը յա­ռաջա­նայ կիր­քը` առա­ջինը ըլ­լա­լու, ինչ որ գօ­տեպնդիչ է եւ ու­րա­խալի:

Այս մրցու­մէն վերջ բո­լոր ներ­կա­ներն ու մաս­նակցող­նե­րը խմբուեցան Միու­թեան ժրա­ջան տի­կին­նե­րու կող­մէ պատ­րաստուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ: Փոք­րիկնե­րու խան­դա­վառու­թիւնն ու հա­ճելի պոռչտուքնե­րը մե­զ լե­ցու­ցին ապա­գայի յոյ­սե­րով եւ լոյսերով:

ԽԱՉԻԿ ԵԸԼՄԱԶԵԱՆ

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up