Մոնաքոյի Իշխան Ալպերը Խօսած Է Հայաստանի Պատմութեան Ու Մշակոյթի Մասին. Յասմիկ Պապեան

Հայ օփերայի երգչուհի, աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրառում կատարած է, որ «Նորմա» օփերայի անդրանիկ ելոյթէն ետք,Մոնաքոյի իշխան Ալպերը ողջ երեկոյին ընթացքին հիացած խօսած է Հայաստանիպատմութեան եւ մշակոյթի մասին:

«Մոնթէ Գարլոյի մէջ, «Նորմա» օփերայի անդրանիկ ելոյթէն ետք, Մոնաքոյի Իշխան Ալպերի հետ: Ամբողջ երեկոյ ան կը խօսէր Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթի եւ իր հայ բարեկամներուն մասին: Այնքա՜ն բան գիտէր մեր երկրի մասին… անսահման տպաւորիչ էր…»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ գրած է Պապեան:

Յասմիկ Պապեան հայ օփերայի երգչուհի է, աշխարհահռչակ սոփրանօ: Ան կ’ապրի Վիեննա, Աւստրիա: Ամուսինը Քոնրատ Քուէյնն է, Միւնհէնի օփերայի եւ Աւստրիոյ պետական դրամատիկական թատրոններու թատերագիր:

armenpress.am

Scroll Up