Ազէրի Զինեալները կը Պատռեն Իրենց Անցագրերը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/g_image-13.jpg)
Ազէրպայճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ կռուող ազէրի զինեալները զանգուածաբար կը պատռեն իրենց անցագրերը, որոնք տրամադրուած են Ազէրպայճանի պետական մարմիններուն կողմէ: Ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած լուսանկարներուն մէջ տեսանելի են պատռտուած ազէրպայճանական անցագրեր:
«Ազէրպայճանական անցագրերու ցուցադրական ոչնչացումը կը վկայէ այն մասին, որ ծայրայեղական իսլամականները չեն ճանչնար Ազէրպայճանը եւ կը հրաժարին անոր քաղաքացիութենէն՝ ցուցադրելով իրենց թշնամական վերաբերումը այդ երկրին նկատմամբ», կը գրէ ազէրպայճանական կայքէջը:
«Նոր Յառաջ»