Իսրայէլի Հայ Համայնքը Լիայոյս Է, Որ Երկրի Նոր Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Նոր Փուլ Պիտի Սկսի

Իսրայէլի մէջ Ռէուէն Ռիւլինի նախագահ ընտրուելու առիթով տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներն ու յատկապէս ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները ստացած են բազմաթիւ շնորհաւորանքներ: Պառճառն այն է, որ Ռիւլինը կը համարուի իսրայէլահայերու բարեկամն ու ամենատարբեր ամպիոններէ բազմիցս կոչ ըրած է, որ ցեղասպանութիւն տեսած հրեաները ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ դատի ներկայացուցիչ Ժորժետա Աւագեան նշած է, որ համայնքի եւ յատկապէս Հայ դատի գրասենեակի հետ բարեկամութիւնը  աւելի քան մէկ տասնամեակ կեանք ունի:

«Հայ համայնքէն ներս բոլորը երջանիկ են, որ Ռիւլինը ընտրուած է նախագահ: Ան աչքի կ’իյնայ հումանիստական, քաղաքակրթական արժէքներով: Ան քանի մը անգամ Քնէսէթի մէջ ելոյթի ժամանակ ըսած է` ամօթ է, որ ցեղասպանութիւն ապրած հրեայ ժողովուրդը չի ճանչնայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

Այժմ մենք լիայոյս ենք, որ Իսրայէլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նոր փուլ պիտի մեկնարկէ, որ կ’աւարտէ պատմական արդարութեան հանդէպ յաղթանակով: Եւ պատճառն այստեղ ոչ թէ այն է, որ Ռէուէն Ռիւլինը հայամէտ է, ոչ, ան քաղաքակիրթ, հումանիստ եւ մարդկային բարձր արժէքներ կրող անձնաւորութիւն»,-ըսած է  Ժորժետա Աւագեան:

Ան  շեշտած է, որ հրեայ ժողովուրդը նոյնպէս երջանիկ է եւ շատ գոհ, որ 7 տարի Ռիւլինը պիտի գլխաւորէ իրենց երկիրը:

Ժորժետա Աւագեան նշած է, որ Հայ դատի ներկայացուցիչները մտադիր են հանդիպիլ Ռէուէն Ռիւլինին: «Մեզի համար շատ անսովոր է, որ պէտք է նամակ գրենք Ռիւլինին` շնորհաւորենք եւ հանդիպման համար պայմանաւորուինք:

Սակայն, կարգն է այդպէս: Մեր ընկերը ըլլալուն զուգահեռ ան նաեւ նախագահ է եւ պէտք է պահպանել պաշտօնական արարողակարգը: Հանդիպման ժամանակ ալ կը պայմանաւորուինք յետագայ ընելիքներու եւ ծրագիրներու մասին»,- ըսած է  Ժորժետա Աւագեան` աւելցնելով, որ վստահ են, որ հիասթափութիւն չեն ապրիր եւ Իսրայէլի նորանշանակ նախագահը կը պահէ խոստումը:

Ժորժետա Աւագեան յոյս յայտնած է, որ 2015թ. ապրիլ 24-ին Ռէուէն Ռիւլինը
Հայաստանի նախագահի հրաւէրով պիտի գայ Հայաստան եւ  մասնակցի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ իրականացուիելիք ոգեկոչման արարողութեան: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ նոր նախագահի նշանակմամբ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները կ’ըլլան աւելի բարձր մակարդակի վրայ: Յունիս 11-ին Իսրայէլի Քնեսէթը երկրի նախագահ  ընտրած է խորհրդարանի նախկին խօսնակ, հինգ թեկնածուներէն աջ ճամբարի միակ ներկայացուցիչ Ռէուէն Ռիւլինը, որ պիտի փոխարինէ Խաղաղութեան Նոբելեան մրցանակի դափնեկիր Շիմոն Պերեսին:

Ընտրութիւններու երկրորդ փուլին «Լիկուդ» իշխող կուսակցութիւնը ներկայացնող 74-ամեայ Ռիւլինին աջակցած են ներկայ գտնուող 119 խորհրդարանականներէն  63-ը: Պետութեան ղեկավարը կ’ընտրուի խորհրդարանի գաղտնի քուէարկութեամբ: Յաղթելու համար նախագահի թեկնածուին կը պահանջուի ապահովել 120 խորհրդարանականներէն 61-ի աջակցութիւնը: Իսրայէլի մէջ, որ խորհրդարանական հանրապետութիւն Է, պետութեան ղեկավարը օժտուած Է հիմնականին մէջ ներկայացուցչական գործառոյթներով: Իրական իշխանութիւնը կեդրոնացած Է վարչապետի ձեռքին մէջ:

Յասմիկ Յարութիւնեան

armenpress.am

Scroll Up