Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է Վիեննայի ՄԷջ «Հայաստան» Բազմագործառոյթ (Տնտեսական, Ֆինանսական, Մշակութային, Տեղեկատուական) Կեդրոնի Բացման Արարողութեան

Աւստրիա պաշտօնական այցի առաջին օրը Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է  Վիեննայի մէջ «Հայաստան» բազմագործառոյթ (տնտեսական, ֆինանսական, մշակութային, տեղեկատուական) կեդրոնի բացման արարողութեան: Այն կառուցուած է` հիմք ընդունելով ՀՀ կեդրոնական դրամատան եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ 2013թ. ապրիլ 30-ին Երեւանի մէջ կնքուած մտադրութիւններու մասին յուշագիրը:

Կեդրոնը կը հանդիսանայ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մասը եւ կ’օգտուի Վիեննայի պայմանադրութեան եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու կարգավիճակը կարգաւորող երկկողմ միջազգային համաձայնագիրներով սահմանուած արտօնութիւններէն եւ անձեռնմխելիութենէն:

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքէն:

Scroll Up