Պարոյր Յակոբեան Կը Ներկայացնէ Մուսուլի Հայ Համայնքին Վիճակը

Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեան հեռաձայնով կապուեցաւ «Ազդակ»-ին եւ ներկայացնելով Իրաքի` մօտաւոր 2 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Մուսուլ քաղաքի գրաւումը, ըսաւ, որ գրաւումը շատ արագ կատարուած է, քաղաքային իշխանութիւնը, զինուորականները փախած են Մուսուլէն, եւ ամբողջ բնակչութիւնը խուճապահար եղած է:

Պարոյր Յակոբեան նշեց, որ Մուսուլի հայկական ընտանիքները փոխադրուած են երկրի հիւսիսային ապահով շրջաններ:

«Կը սպասուի, որ Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը յարձակում կազմակերպէ, սակայն տակաւին ոչ մէկ գործողութիւն կատարուած է: Քաղաքի ծայրամասերուն մէջ որոշ գործողութիւններ կը կատարուին: Յայտնեմ, որ տակաւին տարիներ առաջ Մուսուլի մէջ 2000-3000 հայ կ՛ապրէր, կը գործէին հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ, սակայն հայութեան թիւին նուազումով միայն եկեղեցին կը գործէր», ըսաւ Յակոբեան:

«Ազդակ»

Scroll Up