ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Շնորհաւորական Խօսքը Ուղղուած Տ. Աբգար Վարդապետ Յովակիմեանին Քանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ընտրուելու Առիթով

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԱԲԳԱՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Հա՛յր Սուրբ,

Իմ ջերմ ողջոյններն ու շնորհաւորանքները կը յղեմ Ձեզ` Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելու առիթով: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին Ձեր ընտրութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Անոր Գահակալի` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, իւրովի գնահատականն է Ձեր նկատմամբ ունեցած մեծ վստահութեան եւ Ձեր նուիրեալ ծառայութեան:

Քանատայի ժողովուրդի հիւրընկալ հողին վրայ արդէն մէկ դար բնակող հայութիւնը իր ազգային արմատներուն ամուր կառչած  մնացած է Հայրենիքի կենարար հոգեւոր-մշակութային արժէքներով մշտապէս սնուցուելու շնորհիւ:

Վստահ եմ, որ Ձեր առաջնորդութեամբ Թեմը պիտի շարունակէ Յովնան Սրբազանի աւանդները եւ տեղի հայութեան համար պիտի դառնայ հոգեւոր-մշակութային նոր լիցքեր ստանալու սրբատեղի, կրթա-դաստիարակչական, հայ ազգային քրիստոնէական մտածելակերպի հիմնատարրերով յագեցած դարբնոց, որու հոգեւոր անսպառ ուժը ի զօրու է հայ համայնքի հոգիին մէջ անմար պահելու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կանթեղի լոյսը:

Հա՛յր Սուրբ, երիցս ոգեւորիչ է, որ Ձեր հոգեւոր ծառայութիւնը այսուհետ պիտի առընչուի աշխարհասփիւռ հայութեան Քանատայի հայ համայնքին: Ընդգծելով Ձեր ազգանուէր գործունէութիւնը Աճարիոյ հոգեւոր հովուութեան մէջ` առաջնորդական տեղապահութիւնները Վիրահայոց եւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմերուն, համոզուած ենք, որ Քանատայի հայ համայնքէն ներս Ձեր ծառայութիւնը պիտի ըլլայ ատոնց  տրամաբանական շարունակութիւնը:

Համոզուած եմ, որ ուծացման ահագնացող վտանգը, Թորոնթոյի ու Մոնրէալի հայ համայնքներուն առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրները, Ձեր հովուապետութեամբ կը մշակուին ազգային աւանդոյթներու պահպանման եւ ազգային ինքնութեան ու ինքնագիտակցութեան բարձրացման նպաստող ծրագիրներու ընդլայնման նպաստող նոր կառուցակարգեր, որոնց ծիրէն ներս չի անտեսուիր նաեւ օգնութիւնը սուրիահայ մեր եղբայրներուն: Դուք Ձեր թեմակալութեամբ պիտի դառնաք Հայաստան – Քանատայի հայ համայնք կապերու խորացման եւ ամրապնդման երաշխաւորը:

Հա՛յր Սուրբ, թող Ձեր առաջնորդութեամբ քանատահայ 17 եկեղեցական համայնքները, թեմի Պատգամաւորական ժողովը եւ ատենապետ տիար Ժաք Ստեփանեանը զօրաւիգ դառնան Ձեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն` համախմբուելով թեմի շուրջ, համատեղ իրականացնեն բոլոր ծրագիրները:

Հա՛յր Սուրբ, Ձեր գլխաւորութեամբ կ’ակնկալենք Հայաստան – Սփիւռք գործակցութեան ա՛լ աւելի սերտացումՙ եւ քանատահայ համայնքին աշխոյժ մասնակցութիւն ու ներգրաւուածութիւն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներուն:

Կը մաղթեմ Ձեզ նոր յաջողութիւններ միջեկեղեցական եւ տիեզերական յարաբերութիւններուն մէջ, յատկապէս` Եկեղեցիներու քանատական խորհուրդին մէջ:

Թո՛ղ Աստուծոյ Ամենակարող Աջը միշտ հովանի ըլլայ Քանատայի Հայոց թեմին, Ձե՛զ, Հա՛յր Սուրբ, եւ Քանատայի հայութեան:

ԽՈՐԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ`

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

կատ. Համահայկական, միջազգային

եւ եկեղեցական կառոյցների հետ

կապերի վարչութիւն

հեռ.` (010) 58 56 01  (115)

Scroll Up