ՌԱԿ կ’այցելէ Տ. Ներսէս 19-րդ հոգեւոր տիրոջ

Յունիս 4-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց  Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Տ. Ներսէս 19-րդ հոգեւոր տիրոջ կողմէ: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Սեւակ Յակոբեան (ատենադպիր), եւ Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան:

Մօտ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին հոգեւոր տէրը տպաւորութիւնները փոխանցեց Հայաստան իր այցելութեան մասին, ուր ան շաբաթ մը առաջ կը գտնուէր մասնակցելու կարգ մը պաշտօնական ժողովներու եւ հանդիպումներու: Այս առիթով կողմերը անդրադարձան Հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերու մասին: Հոգեւոր տէրը ինչպէս միշտ, խրատեց Հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերը վեր դասել ամէն տեսակի նեղ նկատառումներէն:

Արծարծուած նիւթերուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին Հայ երիտասարդութեան թէ Հայաստանէն եւ թէ Լիբանանէն արտագաղթի վտանգաւոր երեւոյթը: Խօսակցութիւններու կարեւոր նիւթ դարձան նաեւ ընդհանրապէս Սուրիահայութեան եւ մանաւանդ Քեսապահայութեան  եւ վերջին քանի մը օրերուն Հալէպահայութեան դիմագրաւած տագնապալի վիճակը եւ շեշտը դրուեցաւ անոնց դժուարութիւններուն հասնելու կարելիութիւններու որոնումի կարեւորութեանը վրայ:

ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Scroll Up