Լոս Անճելըսի Մէջ Լոյս Տեսած Է «Ցեղասպանութեան Գրադարանի» 6-րդ Հատորը
Լոս Անճելըսի մէջ առաջին անգամ լոյս տեսած է Մ. Սալպիի «Մեր խաչը» պատմուածքներու ժողովածուն: Գիրքը հրատարկուած է Ֆրանսայի մէջ 1921 թուականին հայերէն լեզուով, յետոյ թարգմանուած է ֆրանսերէն: Գիրքի անգլերէն թարգմանութիւնը Իշխան Ջինբաշեանինն է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ panarmenian.net-ը` վկայակոչելով Asbarez-ը, ժողովածուն կազմեց «Ցեղասպանութեան գրադարանի» 6-րդ հատորը: Նոր հրատարակութիւնը ներառած է նաեւ հայերէն բնօրինակի պատկերները:
Մ.Սալպին Արամ Սահակեանի կեղծանունն է, ան բժիշկ էր, գրող, լրագրող ու
քաղաքական գործիչ: Ան թրքական բանակին մէջ ծառայած է որպէս բժիշկ առաջին համաշխարհայինի տարիներուն: Ծառայութեան ժամանակ Սահակեան հանդիպած է հայ զինուորներու ու սպաներու, որոնք պատմած են իրենց ընտանիքներու ծանր վիճակին մասին բռնագաղթէն ու եղեռնէն ետք: Աւելի ուշ Արամ Սահակեան բժիշկ եղած է Եգիպտոսի Փորթ Սաիիտի մէջ գտնուող հայ փախստականներու ճամբարին մէջ, ինչպէս նաեւ ճամփորդած է Պաղեստին, Լիբանան եւ Սուրիա:
Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մարդիկ պատմած են Սահակեանին բռնագաղթի սարսափներու մասին, բնական կեանքին վերադառնալու ու սիրելիներու հետ վերամիաւորուելու իղձերու մասին, որոնց կորսնցուցած էին: Սահակեանի դառնութեամբ լեցուն ու յուզիչ պատմուածքները անմոռանալի բնաւորութիւններ ու կերպարներ կը կերտեն, ցոյց տալով ամբողջ ազգի մը աղէտը, որ ամէն ինչի դիմակայեց ու վերապրեցաւ: «Մեր խաչը» Սահակեանի վերապրածն է ու խորապէս ընկալած ժամանակագրութիւնը, որոնք կ’ընդմիջուին մտորումներով իր ժողովուրդի ահռելի կորուստներու մասին»,-գրած է Յակոբ Մանջիկեան գիրքի նախաբանին մէջ: