Յատուկ Ծրագիր Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

«Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժանկարներու միջազգային փառատօնի  նախընտրական արդիւնքներն արդէն յայտնի են:

Կազմակերպիչները  կ’առաջարկեն 58  շարժանկար աշխարհի 17 երկիրներէ:

Այս տարի «Ֆրեսքօ»-ն կ’առաջարկէ նաեւ յատուկ ծրագիր` նուիրուած Հայոց
ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Կազմակերպիչները կը նշեն` սկիզբէն ցեղասպանութեան թեմայով շարժանկարներու հաւաքման նպատակ չէ եղած, ամէն ինչ տեղի ունեցած է ինքնաբերաբար: «Հայոց ցեղասպանութեան թեման մեր երկրէն ներս արդիական է թէ՛ հասարակական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ հոգեւոր առումներով` յատկապէս այսօր` 100-րդ տարելիցին ընդառաջ: Կը կարծեմ` այս յատուկ ծրագիրը հրաշալի առիթ պիտի ըլլայ մէկ անգամ եւս բարձրաձայնելու Ցեղասպանութեան հարցը, խօսելու ու խորհելու անոր մասին, նայելու խնդիրին նաեւ դուրսի աչքերով»,- կ’ըսէ փառատօնի հոգեւոր խորհրդատու Տէր Եսայի քհն. Արթենեան:

Ծրագիրի ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուին Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի մասին պատմող 6 ժապաւէն Իսրայէլէն, Հայաստանէն եւ Իտալիայէն: Նշուած ժապաւէններէն մրցութային ծրագիրին ընդգրկուած է միայն մէկը:

Յատուկ ծրագիրին ընդգրկուած է նաեւ «Աւրորա» հոլիւուտեան ժապաւէնը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած առաջին շարժանկարը:  Բեմադրիչ Օսկար Ափֆելի շարժանկարը  առաջին անգամ ցուցադրուած է 1919 թ-ի փետրուար 16-ին Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ:  Շարժանկարը նկարահանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես չմշկածագցի Արշալոյս Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» փաստագրական յուշագրութեան հիման վրայ: Գլխաւոր դերակատարն ինքը` Արշալոյս Մարտիկանեանն է: Շարժանկարէն պահպանուած է շուրջ 18 վայրկեաննոց ժապաւէն, որ, հեղինակային իրաւունքը տնօրինողներու համաձայնութեամբ, փառատօնին  տրամադրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:

Ի դէպ, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը փառատօնին ընթացքին կը դառնայ յատուկ ծրագիրի հիմնական գործընկերներէն մէկը. այնտեղ կը ցուցադրուին ծրագիրին մէջ ընդգրկուած 2 շարժանկար, եւ կ’իրականացուի հանդիպում փառատօնի յատուկ հիւրերէն մէկուն` Հայր Յովհաննէսի (Ջովաննի Գուայտա) հետ: Ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանան իտալացի պատմաբան, աստուածաբան եւ գրող է, որ հայերու մասին երեք աշխատութիւններու, ներառեալ` 2005 թ-ին Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած «Ճիչ Արարատէն: Արմին Վէգները եւ հայերու ցեղասպանութիւնը» գիրքի հեղինակն է: Հանդիպման ընթացքին Ջովաննի Գուայտան ոչ միայն պիտի խօսի հայերուն նուիրուած իր արդէն հրատարակած աշխատութիւններուն, այլեւ պիտի պատմէ իր նոր գիրքին մասին, որուն աշխատանքները դեռեւս կը շարունակուին: Այս մասին կը տեղեկացնէ  erit.am կայքը:

«Հայերն այսօրը» Ֆրեսքօ փառատօնի տեղեկատուական աջակիցն է:

Scroll Up