Երեք Խնձոր «Գաւիթէն». Մէկը` Գրողին, Մէկը` Պատմողին, Մէկն Ալ` Հեքիաթ Լսողին

Յունիս 1-ին`Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը, մոսկուաբնակ հայութեան համար հաճելի անակնկալ  պատրաստած էր Մոսկուայի  Հայորդաց տան «Գաւիթ» թատրոնը:

Մոսկուայի նորակառոյց Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ անոնք բացօթեայ ներկայացում  կազմակերպած էին հայ մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն համար: Հայ մեծ գրող Յովհ. Թումանեանի երեք նշանաւոր հեքիաթներու այսօրինակ մատուցումը նորութիւն էր բոլորին համար. չկար բեմ, չկային ձեւաւորումներ, իսկ նստատեղերուն փոխարինած էր հայկական գորգը:

Երեխաներն ու անոնց ծնողները անյագ հետաքրքրութեամբ ու հիացմունքով կը հետեւէին հեքիաթներու հերթափոխին․«Քաջ Նազար», «Մի կաթիլ մեղր», «Սուտլիկ որսկանը»:

«Գաւիթ» թատրոնի դերասաններու վարպետութիւնը անվիճարկելի էր: Ի զուր չէ, որ նախօրէին անոնք  Հայորդաց տան մէջ ստացած էին թատերական արուեստանոցի աւարտական վկայական` «Թատրոնի դերասան» որակաւորմամբ․ «Գաւիթի» գեղարուեստական ղեկավար Համլէթ Ղալեչեանի հինգ տարիներու  քրտնաջան աշխատանքը տուած էր իր պտուղները:

Ներկայացումը շատ ջերմ ընդունուեցաւ, եւ «Գաւիթը» որոշեց նմանօրինակ ելոյթները եկեղեցւոյ  բակին մէջ այսուհետ աւանդոյթ դարձնել:

«Ահա եւ վերջ. Թատրոնին մէջ գրուեցաւ եւս մէկ էջ, աւանդոյթի համաձայն` այսօր երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ. մէկը` գրողին, մէկը` պատմողին, մէկն ալ` հեքիաթ լսողին»:

Եւ հեքիաթ լսող երեխաներն իրօք խնձորներ ստացան…

Ջեմմա Կիրակոսեան

Մոսկուայի Հայորդաց տան  հայոց լեզուի ուսուցչուհի

Scroll Up