«Ովսաննան» Եւ «Նորահրաշը» Հերթական Անգամ Փայլեցան Իրենց Կատարումներով

Թող Աստուած եղածը պահի,

Եւ յետոյ ինչ էլ պատահի,

Ձիւներդ հայերէն են լալու,

Գարունդ հայերէն է գալու,

Հայերէն են գալու դարերդ…

Սահեանական տողերով եւ Լենա Բեգլարեանի հեղինակային երաժշտութեամբ գրուած այս գողտրիկ երգի կատարումը յիրաւի անմոռաց եզրափակումն էր Մոսկուայի  Հայորդաց տան «Ովսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերու հաշուետու համերգին, որ տեղի ունեցաւ մայիս 31-ին կրթօճախի դահլիճին մէջ:

Նուագավար, երգահան, երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Լենա Բեգլարեանի սաները առաջին անգամ չէ, որ իրենց հայաշունչ կատարումներով կը հիացնէին հանդիսատեսը: Բայց այն, բանին որ ունկնդիր ու ականջալուր եղանք այդ օրը, վեր էր ամէն դրուատանքէ ու գովեստէ․ այդ ամէնը պէտք էր տեսնել, լսել եւ զգալ:

Երբ համերգավար Ջեմմա Կիրակոսեանի ներածական խօսքէն ետք բեմ դուրս եկան երգչախումբի սաները`  Հայորդաց տան  նկարչուհի-ձեւաւորող Հրաչուհի Մարտիրոսեանի ստեղծած հայ ազգային ոճին համահունչ, նրբաճաշակ բեմական հագուստներով, համատարած հիացմունքի ալիքէն ալեկոծուեցաւ դահլիճը: Ու թեւածեց հայոց երգը` անաղարտ ու հարազատ: Մէկը միւսին կը յաջորդէին երաժշտական կատարումները: Սաները մեծ ոգեւորութեամբ կը կատարէին թէ՛ հայկական ժողովրդական, թէ՛ ժամանակակից հայ երգահաններու եւ թէ՛ Լենա Բեգլարեանի հեղինակային ստեղծագործութիւնները: Իրենց մանկական, անմիջական ու անկեղծ կատարումներով աւագ սաներէն ետ չէին մնար նաեւ փոքրիկ երգիչները: Իսկ երբ երաժշտախումբերու ելոյթն կ’ընդմիջուէր պարուսոյց Մարգարիտա Գրիգորեանի փոքրիկ սաներու պարային համարներով, որոտընդոստ ծափերն ու «կեցցէ՛ք» բացականչութիւնները երկար ժամանակ չէին լռեր: Հանդիսատեսի հիացմունքին արժանացան նաեւ անհատ կատարողները, որոնք հանդէս եկան հայերէն եւ օտարալեզու ստեղագործութիւններու կատարմամբ:

Համերգի աւարտին իր դրուատանքի  խօսքը սաներուն եւ Լենա Բեգլարեանին ուղղեց Հայորդաց տան  տնօրէն Հմայեակ Գէորգեան․ «Թող երիցս օրհնեալ ըլլայ այս կրթօճախը, ուր հայեցի դաստիարակութիւն կը ստանան հայ ազգի այս շնորհաշատ զաւակները, ուր իրենց նուիրումն ու ազգանուէր ծառայութիւնը կը բերեն այնպիսի մանկավարժներ, ինչպիսին է տիկին Բեգլարեանը, որուն համար  Հայորդաց տունը  շատոնց արդէն աշխատավայր չէ, այլ հարազատ օճախ»:

Տնօրէնի խօսքին յաջորդեց  Հայորդաց տան  հոգեւոր տեսուչ Տ. Առաքէլ քահանայ Ամիրեանի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի խօսքը: Քահանայ հայրը նախ ներկաներուն փոխանցեց Սրբազան հօր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը  Հայորդաց տան սաներուն, մանկավարժական ողջ անձնակազմին, ապա յայտնեց, որ աւանդոյթի համաձայն` ուսումնական տարուան աւարտին Սրբազան հօր կողմէ «Գիր գովեստի» պատուոգիրներ կը շնորհուին  Հայորդաց տան հոգեւոր-մշակութային կեանքին մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերած  շարք մը տաղանդաւոր հայորդիներու:

Հաճելի անակնկալ կը սպասէր նաեւ խմբավարական եւ մանկավարժական անձնակազմին: Իրենց նուիրեալ, անշահախնդիր, ազգանուէր գործունէութեան համար շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան կրթօճախի «Գաւիթ» թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Համլէթ Ղալեչեանը, գոբելէնի խումբի ղեկավար Եուրի Յովսէփեանը, «Հայասա» պարային համոյթի ղեկավար Արփինէ Ամիրեանը, պարուսոյց Մարգարիտա Գրիգորեանը, «Ովսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Լենա Բեգլարեանը, լրագրող Արմինէ Կարեյեանը:  Շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան նաեւ կրթօճախի առաւել աշխոյժ ծնողները, որոնք անշահախնդիր կերպով իրենց մասնակցութիւնն ու օգնութիւնը  ցուցաբերած են կեդրոնի հասարակական կեանքին եւ կազմակերպչական հարցերուն մէջ:

Վերջաւորութեան հոգեւոր տեսուչն իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայորդաց տան մանկավարժական անձնակազմին բարեխիղճ ու ազգանուէր աշխատանքին համար եւ 2013-2014 ուս․ տարուան առաւել աչքի ինկած ուսուցիչներ Աշոտ Աւետիսեանին, Սիլվա Գիւլիշեանին, Ջեմմա Կիրակոսեանին, Արմինէ Իջեանին, Աննա Թումանեանին, Երանուհի Ղազարեանին յանձնեց շնորհակալագիրներ:  Տէր Առաքէլն իր խօսքը եզրափակեց  Հայորդաց տան  տնօրէնին ուղղուած գնահատանքի եւ շնորհակալական խօսքերով`  նշելով, որ պարոն Գէորգեանն իր գործունէութեամբ այս ազգանուէր ու աստուածահաճոյ կրթօճախի նուիրեալն է, որ կը կոչուի «Հայորդաց տուն  հայեցի դաստիարակութեան կեդրոն»:

Երանուհի Ղազարեան

Մոսկուայի Հայորդաց տան հայոց լեզուի ուսուցչուհի

Scroll Up