Հայաստանը Կ’աջակցի Համայն Աշխարհի Մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ձեռնարկներու Համակարգման

Անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ գումարուեցաւ երկու կարեւոր համաժողով՝ յաջորդ տարուան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու  նախապատրաստութեան ծիրէն ներս:

Մայիս 26ին կայացած առաջին հանդիպման՝ աշխարհի 40 երկիրներէ՝ ներկայ էին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, որոնք տեղեկացուցին 2015 թուականի Ապրիլ 24ի իրենց ծրագիրներուն մասին: Այս առիթով ներկայացուեցան հարիւրամեակի խորհրդանշանը եւ կարգախօսը` “Ես կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ”: Մասնակիցներուն համար համաժողովը եզակի հնարաւորութիւն էր տեղեկատւութեան փոխանակման եւ միասնական ջանքերու համախմբման քննարկման առումով:

Մայիս 27ին տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպումը համախմբեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամները, տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներն ու տասնեակ մը հայ դիւանագէտներ եւ հոգեւոր դասի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ համայն աշխարհէն: Պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ են Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնը եւ սփիւռքի մեծագոյն հայկական կազմակերպութիւններու նախագահները:

Նախագահ Սարգսեան յանդուգն քայլ կատարելով` յայտարարեց, որ հրաւիրած է Թուրքիոյ նախագահը այցելելու Հայաստան 2015 թուականի Ապրիլ 24ին` Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան առերեսուելու նպատակով: Անակնկալի գալով` թրքական իշխանութիւնները դեռ չեն պատասխանած այս մարտահրաւէրին: Հայաստանի նախագահը նաեւ տեղեկացուց համաժողովին մասնակիցներուն, որ հրաւէրներ ուղարկած է շարք մը պետութիւններու ղեկավարներուն՝ այդ օրը այցելելու Երեւան: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը արդէն հաստատած է, որ մտադիր է մասնակցելու Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:

Պետական յանձնաժողովի անդամներու ելոյթներէն ետք, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն ունեցան հանդէս գալու համաժողովին: Ինձմէ եւս խնդրեցին ելոյթ ունենալ իբրեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբի համանախագահ:

Ելոյթս սկսայ` բացատրելով, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պէտք չէ համակուած ըլլայ այն ակնկալիքով, թէ արդեօք նախագահ Օպամա պիտի ներառէ՞ ցեղասպանութիւն բառը 2015 թուականի Ապրիլ 24-ի իր “յիշատակման” ուղերձին մէջ: Հակառակ տարածուած թիւրըմբռնման` Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բազմիցս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` սկսեալ 1951 թուականէն պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացնելով  միջազգային դատարան, Ներկայացուցիչներու տան 1975 եւ 1984 թուականներու բանաձեւերով եւ 1981 թուականի Ապրիլ 22ին նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի նախագահական հռչակագրով: Հետեւաբար շատ անհրաժեշտ չէ պնդելու, որ նախագահ Օպաման եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` բացի իր տուած խոստումը յարգելու եւ սեփական պատիւը փրկելու համար:

Ես իմ ելոյթիս մէջ նաեւ առաջարկեցի, որ քանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեւած է 1915-էն մինչեւ 1923 թուականը, ուստի հարիւրամեակի առթիւ նախատեսուած ձեռնարկները պէտք է երկարաձգել 2015-էն մինչեւ 2023 թուական: Ասիկա իսկական մղձաւանջ պիտի ըլլայ թրքական կառավարութեան համար, որ ստիպուած պիտի ըլլայ դիմակայելու Հարիւրամեակի ոչ թէ մէկ, այլ ութ տարուան ձեռնարկներուն:

Քանի որ հարիւրամեակը պատմական կարեւոր իրադարձութիւն է, ուստի ես կոչ ուղղեցի հայկական համայնքներուն` կազմակերպելու իւրայատուկ ձեռնարկներ, որոնք զանգուածային բնոյթ պիտի կրեն եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ապահովելու համազգային կամ համաշխարհային հրապարակայնութիւն Թուրքիայէն հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու համար: Հարիւրամեակի առթիւ պէտք չէ կրկնել նախկին ամէնամեայ ձեռնարկները: Սակայն, նախքան որեւէ ծրագիր նախաձեռնելը, պէտք է սկիզբը յստակեցնել այն նպատակները, որոնք պիտի իրականացուին, այնուհետեւ որոշել, թէ արդեօք նախատեսուած ձեռնարկները կ’իրագործե՞ն այդ նպատակները:

Այնուհետեւ ես կարդացի համաժողովի մասնակիցներուն համար Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբի որդեգրած առաքելութիւնը.

“Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը շեշտադրէ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց պահանջատիրական պայքարը` յանուն արդարութեան: 2015 թուականին պիտի յիշատակուի 20րդ դարու մարդկութեան դէմ գործած մեծագոյն յանցագործութիւններէն մէկը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 1915ին թրքական կառավարութիւնը սկսաւ իր կանխամտածուած եւ համակարգուած արշաւը` արմատախիլ ընելու հայ բնակչութիւնը իր հայրենիքէն եւ կոտորելու 1,5 միլիոն անպաշտպան տղամարդիկ, կիներ եւ փոքրեր: Թուրքիան պէտք է վերջապէս ընդունի իր պատասխանատւութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան համար եւ համապատասխան բարոյական, նիւթական եւ տարածքային փոխհատուցումներ տայ` ըստ հիմնարար միջազգային չափանիշներու եւ քաղաքակիրթ հասարակութեան օրէնքներու”:

Ելոյթս աւարտեցի` առաջարկելով աշխարհասփիւռ հայութեան հարիւրամեակի իրենց գործողութիւնները այնպէս համակարգելու, որ միեւնոյն ուղերձը հասանելի ըլլայ ինչպէս բարեկամին, այնպէս ալ` թշնամիին: Ես նաեւ առաջարկեցի, որ պետական յանձնաժողովին կողմէ ընտրուած կարգախօսը` “Ես կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», փոխուի հետեւեալ կերպ` «Մենք կը յիշենք եւ արդարութիւն կը պահանջենք»…

Թէեւ այս հանրահաւաքը պէտք է աւելի շուտ տեղի ունենար, սակայն անիկա  առաւել կարեւոր էր հարիւրամեակի նախատեսուած ձեռնարկներու համակարգման առումով: Զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի հարիւրամեակի յանձնախումբերու երեւանեան հանդիպման: Բարեբախտաբար Հայաստանի մէջ կազմակերպիչները զգոյշ էին հարիւրամեակի ծրագիրները հրապարակաւ չներկայացնելու եւ զանոնք թրքական իշխանութիւններէն գաղտնի պահելու հարցով` հնարաւորինս քիչ ժամանակ տալով անոնց հայկական նախաձեռնութիւններուն հակազդելու համար…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up